Սպիտակ Տունը գերատեսչութիւններուն յանձնարարած է դադրեցնել Իրանի դէմ նոր պատժամիջոցներու կիրարկումը։ Յանձնարարականները անցեալ շաբաթ ուղարկած է Սպիտակ Տան մամուլի խօսնակ Քերոլայն Լեւիթը։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է The Wall Street Journal (WSJ) թերթը՝ վկայակոչելով իր աղբիւրները։
Հրապարակման մէջ նշուած է, որ հրահանգը փոխանցուած է Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի, Ելեւմուտի նախարարութեան եւ Արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն։
WSJ-ի համաձայն՝ իրանեան նաւթի եւ սառեցուած իրանեան աւանդնեդուն վրայ ԱՄՆ-ի հիմնական սահմանափակումները անփոփոխ պիտի մնան։ Միեւնոյն ժամանակ, ամերիկեան պաշտօնեաները չեն գիտեր, թէ դադրեցումը միայն նոր պատժամիջոցներուն կը վերաբերի, թէ արդէն գործողներուն ալ։ Որոշ բարձրաստիճան քաղաքական գործիչներ ընդհանրապէս տեղեակ չեն եղած փոփոխութիւններուն մասին եւ զարմացած են յանկարծակի դադրեցումէն։
WSJ-ի հարցումին ի պատասխան՝ Սպիտակ Տունը չէ հերքած այդ տեղեկութիւնը։ Անոնք նշած են, որ որեւէ նոր որոշում պիտի յայտարարուի համապատասխան գերատեսչութիւններու կողմէ։ Սպիտակ Տան որոշ պաշտօնեաներու (որոնց անունները նշուած չեն) համաձայն, դադրեցումը կապուած է միջուկային ծրագրի շուրջ Միացեալ Նահանգներ-Իրան բանակցութիւններու լոյսին տակ հետագայ պատժամիջոցներու մանրամասն քննարկման հետ։
Թերթի հաղորդմամբ՝ Ուաշինկթըն կը փորձէ բանակցութիւններու ընթացքին անտեղի չգրգռել Իրանը։ Ուաշինկթընը Մայիս 21-էն ի վեր Թեհրանի դէմ նոր սահմանափակումներ չէ կիրառած։
2025 թուականի Փետրուարին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ստորագրած էր կատարողական հրամանագիր՝ Իրանի նկատմամբ առաւելագոյն ճնշումի քաղաքականութիւնը վերականգնելու համար։
Մայիս 23-ին Հռոմի մէջ տեղի ունեցած է Իրան-Միացեալ Նահանգներ բանակցութիւններու հինգերորդ փուլը, որու աւարտին Թրամփ յայտարարած է, որ կողմերը առաջընթաց արձանագրած են։ Բանակցութիւններու գլխաւոր հարցը կը մնայ այն, որ Թեհրան հնարաւոր համաձայնագրի շրջածիրին մէջ պահպանէ ուրանի հարստացման սեփական ծրագրի իրաւունքը։