image

Ծանր վիճակի մէջ գտնուող 4 ամսական փոքրիկը Արցախէն տեղափոխուած է Հայաստան

Ծանր վիճակի մէջ գտնուող 4 ամսական փոքրիկը Արցախէն տեղափոխուած է Հայաստան

Արցախի «Արեւիկ» հիւանդանոցին մէջ նորածնային եւ վերակենդանացման բաժանմունքերուն մէջ գտնուող 11 երեխայէն մէկը` 4 ամսական փոքրիկը, այսօր տեղափոխուած է Հայաստան։ «Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին յայտնած է ԿԽՄԿ պատուիրակութեան հաղորդակցման ծրագրերու ղեկավար Զառա Ամատունին:

Նշենք, որ երեխայի վիճակը ծանր է։

«Այսօր մենք միջնորդել ենք, որ 4 ամսական երեխան տեղափոխուի Հայաստան, քանի որ կարիք ունի անյապաղ բժշկական աջակցութեան։ Երեխային ուղեկցում են ծնողները, անհրաժեշտ բժշկական անձնակազմը»,–ըսած է Ամատունին։

Անոր խօսքով` քանի որ դեղորայքի անհրաժեշտութիւն ալ կայ, պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է, որ Արցախէն Հայաստան եկած 3 մեքենաները պիտի վերադառնան դեղորայքով բեռնուած։