image

Տօնոյեանը «կը խնդրէ» մասնակցիլ 44–օրեայի քննիչ յանձնաժողովի նիստին

Տօնոյեանը «կը խնդրէ» մասնակցիլ 44–օրեայի քննիչ յանձնաժողովի նիստին

ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար Դաւիթ Տօնոյեան յայտարարութիւն տարածած է՝ յայտնելով, որ միջնորդութիւն ներկայացուցած է ՀՀ հակակոռուպցիոն դատարանի դատաւոր Վ.Դոլմազեանին՝ խնդրելով թոյլատրել ներկայանալ յանձնաժողովի աշխատանքներու իրականացման վայր։

«2022 թուականի յունիսի 15-ին յայտարարութեան մէջ ներկայացրել եմ կասկածներս Ազգային Ժողովի «Քննիչ յանձնաժողովի» իրական նպատակների մասին: Դրանք հաստատուեցին վերջին շրջանում, երբ յանձնաժողովի նախագահը փաստացի մերժեց հրապարակային առաջարկս՝ բաց նիստ անցկացնել Նիկոլ Փաշինեանի եւ իմ մասնակցութեամբ:

«Քննիչ յանձնաժողովի» նպատակների եւ աշխատաոճի հանդէպ ունեցածս բոլոր վերապահումներով հանդերձ որոշել եմ ներկայանալ այդ մարմին՝ բացատրութիւններ տալու եւ հարցերին պատասխանելու նպատակով: Նման որոշման հիմք են հանդիսացել յանձնաժողովում Նիկոլ Փաշինեանի ելոյթը եւ դրան յաջորդած ՀՀ Զինուած ուժերի Գլխաւոր շտաբի նախկին պետ Օնիկ Գասպարեանի յայտարարութիւնները, ինչպէս նաեւ հանրային պահանջը:

«Քննիչ յանձնաժողովի» նախագահը մշտապէս յայտարարել է, որ միջոցներ կը ձեռնարկի իմ մասնակցութեան հարցը լուծելու համար, սակայն մինչ օրս որեւէ գործողութիւն չի ձեռնարկել այդ ուղղութեամբ:

Ս.թ. յուլիսի 4-ին միջնորդութիւն եմ ներկայացրել ՀՀ հակակոռուպցիոն դատարանի դատաւոր Վ. Դոլմազեանին՝ խնդրելով թոյլատրել ներկայանալ յանձնաժողովի աշխատանքներու իրականացման վայր», - ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

ՀՀ Ազգային Ժողովի քննիչ յանձնաժողով ներկայանալու նպատակով կարճաժամկէտ մեկնման թոյլտւութեան դիմումին մէջ Դաւիթ Տօնոյեան նաեւ ըսած է. «Նախ` հարկ եմ համարում նշել, որ ՀՀ Վարչապետի հրապարակային նիստից յետոյ ինքս ցանկանում եմ մասնակցել Յանձնաժողովի նիստին, քանի որ տեղի ունեցողը սահմանադրական գործընթաց է, եւ քննարկւում է իմ` որպէս նախկին պաշտպանութեան նախարարի, գործունէութեանը վերաբերող հարցեր, նաեւ երկրի եւ պետութեան համար կարեւորագոյն եւ ռազմավարական նշանակութեան հարցերի վերաբերեալ ես, ունենալով առանցքային դերակատարում պատերազմի ղեկավարման ժամանակ, շատ ասելիք ունեմ յանձնաժողովին: Միաժամանակ առկայ է թէ՛ Յանձնաժողովի, թէ հանրային պահանջ իմ մասնակցութիւնն ապահովելու վերաբերեալ»: