image

Տօնական ճաշկերոյթ՝ Իրաքի Ազգային ծերանոցին մէջ

Տօնական ճաշկերոյթ՝  Իրաքի Ազգային ծերանոցին մէջ

Իրաքէն կը տեղեկանանք, որ հովանաւորութեամբ Իրաքի  թեմի  առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Աւագ արք․ Ասատուրեանի, Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով Իրաքի Մելինէ Իսքէնտէրեանի անուան Ազգային ծերանոցին մէջ  ծերանոցի բնակիչներուն համար կազմակերպուեցաւ ճաշկերոյթ մը։ Աւարտին բաշխուեցան նուէրներ բոլոր ներկաներուն։ Ճաշկերոյթին մասնակցեցան Հոգեշնորհ Տ․ Պետրոս Աբղ․ Ազարեան, Արժ․ Տ․ Գէորգ Քհնյ․ Արշակեան, սարակաւագներ, Ազգային ծերանոցի վարչութեան եւ խնամակալ յանձնախումբի անդամները: