Միլանի ծերանոցին մէջ բռնկած հրդեհի հետեւանքով 6 մարդ մահացած է, աւելի քան 120 մարդ՝ տուժած։ Տեղեկութիւնը յայտնած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն`յղում ընելով «Corriera della Sera» թերթին։
Տուժածներէն 3-ի վիճակը ծանր է։
Դէպքը տեղի ունեցած է ուրբաթ լոյս գիշեր։ Հրդեհի բռնկման պատճառը դեռ յայտնի չէ, սակայն հրշէջները կը կարծեն, որ միտումնաւոր չէ եղած։
Ծերանոցը կը գտնուի 1920 թուականին կառուցուած եռայարկ շէնքի մէջ եւ նախատեսուած է 210 մարդու համար։ «Repubblica» թերթը գրած է, որ ծերանոցը 12 բաժին ունի, որոնցմէ երեքը Ալզհայմըրով հիւանդ տարեցները կը զբաղցնեն։