Հրատապ լուրեր:

Տիթրոյթի մէջ. Մահացած է համայնքի աշխոյժ անդամներէն՝ Հրայր Թուխանեան

 Տիթրոյթի մէջ. Մահացած է համայնքի աշխոյժ անդամներէն՝ Հրայր Թուխանեան

 Օրերս  Տիթրոյթի  մէջ իր մահկանացուն կնքած էհամայնքի աշխոյժ անդամներէն՝ Հրայր Թուխանեան։

 Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ ԱՄՆ-ի մէջ հրապարակուող «Հայրենիք» պարբերականէն։

 

 

 Աղբիւրը մասնաւորապէս կը գրէ՝ 

 

Երեքշաբթի, Օգոստոս 15-ին, Տիթրոյթի մէջ իր մահկանացուն կնքեց Հրայր Թուխանեանը (ծնած՝ Պէյրութ, 1933-ին):

Ան պիտի յիշուի իր պատրաստած «Առաքելութիւն Պերլին» («Assignment Berlin») ժապաւէնով, որ կը նկարագրէ ՝ Թալաթ փաշային սպանութիւնը Սողոմոն Թեհլիրեանի կողմէ։

Պէյրութի «Համազգային»-ի Փալանճեան-Արսլանեան ճեմարանի 1952-ի շրջանաւարտներէն, Թուխանեան 1955-ին կը ժամանէ Միացեալ Նահանգներ եւ Սիրաքիւզի համալսարանին մէջ կը մասնագիտանայ լսատեսողական եւ նկարահանման արուեստի ոլորտէն ներս։

Լեւոն Շանթի եւ Սիմոն Վրացեանի աշակերտ, Թուխանեան նաեւ օրին անդամակցած էր Պէյրութի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Զաւարեան» Ուսանողական միութեան:

Սիւրաքիւզի մէջ, շնորհիւ այլ ճեմարանականի մը՝ Էլօ Տէր Մելքոնեանի, ան մօտիկ բարեկամութիւն կը ստեղծէ գաղափարակից ընկեր Ահարոն Սաչաքլեանի հետ, որ ժամանակին տարիներ շարունակ եղած էր «Հայրենիք»-ի վարչական պատասխանատուներէն։

Նոյնինքն Էլոյի ճամբով կը ծանօթանայ իր ապագայի կողակից Սոնային, որուն հետ կ՛ամուսնանայ Սեպտեմբեր 1, 1956-ին։

1958-էն 1960 Սան Ֆրանսիսքօ հաստատուած, ան բարեկամութիւններ կը ստեղծէ տեղւոյն գաղութին հետ։ Իր կողակիցը՝ Սոնան կ՛աշխատէր «Պէնք աֆ Ամերիքա» դրամատան մէջ, ուր նաեւ իբրեւ պահակ կը գործէր տարեց հայորդի մը՝ Արմէն Պազիկեանը։ Այս վերջինը հազիւ իմացած, որ Հրայրի հայրը ծնած էր Վան, նոյն քաղաքը ուր ինք ծնած էր, հետզհետէ աւելի մօտիկ բարեկամութիւն կը ստեղծէ: Այսպէս, ամէն Կիրակի, եկեղեցիէն ետք, երիտասարդ զոյգը ճաշի կ՛երթային Պազիկեանենց տունը: Ամէն Կիրակի, Սողոմոն Թեհլիրեան եւ իր կինը՝ Անահիտ նոյնպէս Պազիկեաններուն տունը կու գային: Մինչ կանայք զբաղած էին խոհանոցին մէջ, Թեհլիրեան եւ Պազիկեան նարտ կը խաղային: Թեհլիրեանն ալ անդամ էր տեղւոյն Հ․Յ․Դ․ «Զաւարեան» կոմիտէին, ինչպէս Հրայր Թուխանեանը, որուն համար աննկարագրելի էին զգացումները: Անոր մանկութեան տարիներու հերոսը նոյն կոմիտէութեան կը պատկանէր: Ի՜նչ պատիւ էր Հրայրին համար:

 

Հետզհետէ, այդ պատճառով, ան պարտաւոր զգաց, որպէսզի շարժապատկեր մը նկարահանէ Թեհլիրեանի մասին։

1979-ին, մանրամասն ուսումնասիրութենէ մը ետք, Սոնան նկարահանման բեմագրութիւնը աւարտեց, իսկ Հրայր սահիկներով պատմաշար մը պատրաստեց եւ մեկնեցաւ Պէյրութ, իր գաղափարը ներկայացնելով այդ օրերու ճեմարանի տնօրէն՝ դոկտ. Հրաչ Տասնապետեանին եւ Սարգիս Զէյթլեանին, որուն կը ճանչնար դպրոցական օրերէն:

Անոնք քաջալերեցին ու ճիշդ ճամբուն վրայ դրին, որպէսզի ժապաւէնը պատրաստուի:

Ապա Պերլին ժամանած եւ պրպտումներ կատարած, ան ստոյգ տեղեկութիւններ ստացաւ, թէ այդ օրերու դատախազը՝ դոկտ. Քէօլնիք կը փափաքէր, որ Թեհլիրեան ազատ արձակուէր, հակառակ անոր, որ դատավարութեան ժամանակ մահապատիժ պահանջած էր:

Վերադառնալով Միացեալ Նահանգներ, ան դրամահաւաքի կալա-հիւրասիրութիւն կազմակերպեց մօտիկ բարեկամներու հետ, ներկայութեամբ դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի, Լոս Անճելեսի Քալիֆորնիոյ համալսարանի դասախօս եւ դոկտ. Մալքըլ Յակոբեանի, որ Հայկական շարժապատկեր հիմնարկութեան (Armenian Film Foundation) հիմնադիրն էր:

1982-ին Տիթրոյթի մէջ տեղի ունեցաւ «Առաքելութիւն Պերլին» ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութիւնը, որու աւարտին Թուխանեան յատուկ հռչակագիրով մը մեծարուեցաւ Միշիկընի նահանգապետ Ուիլիըմ Միլիքընի կողմէ։

 

Հրայր Թուխանեան, իր լուսահոգի քրոջ Հուրիին նման գործօն եղած էր Տիթրոյթի գաղութէն ներս։