image

Թուրքիոյ օդակայաններուն ահաբեկչութեան սպառնալի՞ք

Թուրքիոյ օդակայաններուն  ահաբեկչութեան սպառնալի՞ք

Թուրքիոյ իշխանութիւնները երկրի բոլոր օդակայաններուն մէջ բարձրացուցած են սպառնալիքի մակարդակը՝ հնարաւոր ահաբեկչութիւններու պատճառով. այս մասին գրած է «Hürriyet» թերթը:

Յիշեցնենք, որ երէկ երեկոյեան Թուրքիոյ մէջ երկու պայթում տեղի ունեցած է TUSAŞ օդատիեզերական ընկերութեան գլխաւոր գրասենեակի մուտքի մօտ։ Նախ մեքենայ պայթած է, յետոյ փոխհրաձգութիւն սկսած է։ Հինգ մարդ զոհուած է, 22-ը՝ վիրաւորուած: Ահաբեկչութեան երկու իրագործողները սպանուած են։

Յարձակման ետին կանգնած է Թուրքիոյ մէջ արգիլուած Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութիւնը, հաղորդած է Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը։