Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան շաբաթ օր Իսթամպուլի մէջ պաղեստինամէտ մեծ ցոյցի ժամանակ ըսած է, որ Իսրայէլ դատապարտուած է մինակ մնալու` ՄԱԿ-ի մէջ Կազայի շրջանի վերաբերեալ բանաձեւի քուէարկութեան ֆոնին, եւ հարց տուած է, թէ արդեօք Արեւմուտք կը ցանկայ «խաչի եւ կիսալուսինի» պատերազմ:
Աւելի վաղ, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը ընդունած էր արաբական երկիրներու բանաձեւը, որ կոչ կ'ընէր անյապաղ զինադադար հաստատելու պաղեստինեան-իսրայէլեան հակամարտութեան գօտիին, որ կը տանի ռազմական գործողութիւններու դադրեցման։ Փաստաթուղթին կողմ քուէարկած է 120 երկիր, դէմ՝ 14, ձեռնպահ՝ 45։
«Արեւմուտք, ես ձեզ կը դիմեմ։ Դուք կը ցանկա՞ք նոր պատերազմ սկսիլ խաչի եւ կիսալուսինի միջեւ։ Եթէ ասոր համար նման ջանքեր կը գործադրէք, ուրեմն իմացէք, որ այս ժողովուրդը չէ մահացած, ան ամուր կանգնած է իր ոտքերուն վրայ։ Մենք լեցուած ենք նոյն վճռականութեամբ, ինչ Լիպիոյ եւ Ղարաբաղի մէջ, իմացէք, որ մենք նոյնն ենք Մերձաւոր Արեւելքի մէջ»,- հանրահաւաքի ժամանակ ըսած է Էրտողան՝ պաղեստինեան «ալ քուֆիէ»ն (փողկապ) վիզին դրած: Անոր խօսքով՝ Աթաթուրքի անուան օդակայանի հանրահաւաքի մասնակիցներուն թիւը կազմած է մօտ 1,5 միլիոն։
Մեկնաբանելով ՄԱԿ-ի քուէարկութիւնը՝ Էրտողան նշած է, որ միայն «13-14 երկիրներ աջակցած են Իսրայէլի դիրքորոշման»։ «Ուրեմն, Իսրայէլ, դուն դատապարտուած ես աշխարհին մէջ մինակ մնալու, եւ ասկէ յետոյ ինչ ալ ընես, դատապարտուած պիտի ըլլաս։ ՄԱԿ-ը լաւ քայլ առաւ՝ ընդունելով այս բանաձեւը»,- նշած է Թուրքիոյ նախագահը։ Էրտողան դժգոհած է ընդդիմութեան անդամներէն, որոնք Համասը ահաբեկիչ կը համարեն եւ անոնցմէ, որոնք կը քուէարկեն այդ քաղաքական գործիչներու օգտին։ Ան կրկնած է, որ, իր կարծիքով, Իսրայէլն է, որ ինքզինք խմբաւորման նման կը պահէ, իսկ Համաս ահաբեկիչ չէ։