Հարաւային Կովակսի եւ Վաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը յայտնած է Թուրքիոյ մէջ հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման հարցը քննարկելու մասին: Ան այդ մասին գրած է X-ի էջին:
«Երէկ (28 նոյեմբերին) Անգարա կատարած լաւ այցէն ետք կրկին վերադարձայ Պրիւքսէլ։ Քննարկուած են Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին առնչուող Եւրոպական Միութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ ընդհանուր հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր, մասնաւորապէս՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացը», - գրած է Եւրոպական Միութեան պաշտօնեան։