image

Թուրքիոյ մէջ կը շարունակուին ցոյցերը Էրտողանի հրաժարականը պահանջելով

Թուրքիոյ մէջ կը շարունակուին ցոյցերը Էրտողանի հրաժարականը պահանջելով

Թուրքիոյ մէջ կը շարունակուին երկրի նախագահ Ռէճէպ Էրտողանի հրաժարականի պահանջով բողոքի ցոյցերը լիրայի փոխարժէքի անկման եւ անոր հետեւանքով տնտեսական դժուարութիւններու լոյսին տակ։

Նախօրէին ցոյց եղած էր Թուրքիոյ կարգ մը քաղաքներու, յատկապէս՝ Պոլսոյ մէջ։  Մասնակիցները վանկարկած են՝ «Մենք չենք կրնար վաստակիլ ապրելու համար» եւ «Կառավարութիւն, հրաժարական տուր», հաղորդած է Bianet-ը։

Արտարժոյթի նկատմամբ թրքական լիրայի արժեզրկումը մրցանշային ցուցանիշի հասած է 23 Նոյեմբերին, երբ ԱՄՆ տոլարի փոխարժէքը ամբողջ օրուայ ընթացքին կազմած է 13,48։

Բողոքի ցոյցերը շարունակուած են մէկ օր անց՝ 24 Նոյեմբերին, Պոլսոյ, Ադանայի, Պուրսայի, Անթալիայի, Մերսինի, Տիարպեքիրի, Հաթայի, Էտիրնէի, Էսքիշեհիրի, Տէնիզլիի եւ Սամսունի մէջ։

Մերսինի ոստիկանութիւնը ճնշած է բողոքի ցոյցերը։ Ոստիկանները յարձակած են մասնակիցներուն վրայ Չանաքալէի Միւմթազ Փիրինչիլեր հրապարակը, եւ նախնական տուեալներով՝ ձերբակալուած է 13 մարդ։ 

Մայրաքաղաք Անգարայի Պիլքենթի համալսարանի ուսանողները բողոքի ցոյց ըրած են «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան դէմ՝ յայտարարելով. «Երիտասարդները կ'ապստամբին եւ կը դիմադրեն ԱԶԿ-ին»։

Անգարայի Մերձաւոր արեւելեան ճարտարագիտական համալսարանի (METU) ուսանողները նոյնպէս բողոքած են Թուրքիոյ տնտեսական ճգնաժամի եւ փտտածութեան դէմ. «Մենք մեր երկիրը չենք ձգեր շահախնդիրներուն, աւազակներուն եւ գողերուն»։  

Սամսունի աշխատանքային եւ դեմոկրատական ուժերու կոչով բողոքի շարժում տեղի ունեցած է՝ «Կառավարութիւն, հրաժարական տուէք» կարգախօսով։ 

Associated Press-ը հաղորդած է, որ թրքական յատուկ ջոկատայինները ցրած են Սթամպոի ոէջւմ բողոքի ցոյցերը։ Բերման ենթարկուած են տասնեակ ցուցարարներ։ Ցուցարարները պահանջած են Էրտողանի կառավարութեան հրաժարականը։ 

Ոստիկանները վահաններ օգտագործած են ամբոխը ցրելու համար եւ բերման ենթարկած են ցուցարարներէն քանի մը հոգի։