image

Թուրքիոյ մէջ արտադրուիլ պիտի սկսի «Քորոնա»ի ռուսական «Սփութնիք» պատուաստը

Թուրքիոյ մէջ արտադրուիլ պիտի սկսի «Քորոնա»ի ռուսական «Սփութնիք» պատուաստը

Ռուսական ուղիղ ներդրումներու հիմնադրամը համաձայնագիր կնքած է թրքական առաջատար դեղագործական ընկերութիւններու հետ Թուրքիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրի դէմ ռուսական «Սփութնիք V» պատուաստի արտադրութեան մասին, հաղորդած է ՌԻԱ Նովոսթին:

«Արտադրութեան հնարաւոր ծաւալը «Սփութնիք V» պատուաստի տարեկան մինչեւ մէկ միլիոն դեղաչափ է, կը քննարկուի նաեւ հետագային արտադրութիւնը ընդլայնելու մասին հարցը: Պատուաստի մատակարարումը կ'իրականացուի ինչպէս Թուրքիոյ ներքին շուկայի, այնպէս ալ այլ երկիրներու մէջ»,-յայտնած են հիմնադրամէն: