Մարմարիսէն քանի մը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող թրքական Թուրունչ աւանն ամբողջութեամբ տարհանած են մոլեգնող անտառային հրդեհներու պատճառով:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Իզվեսթիա»-ի թղթակիցը, շուտով ճանապարհը, որով դուրս կու գան տեղի բնակիչները, պիտի փակուին, քանի որ կրակը չափազանց մօտ է ճանապարհին, որմէ ետք միայն նաւակով հնարաւոր պիտի ըլլայ բնակավայրէն դուրս գալը։
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ հարաւային մասին մէջ անտառային հրդեհ բռնկած է Անթալիոյ նահանգին մէջ չորեքշաբթի օր։
Թուրքիոյ մէջ անտառային հրդեհներու զոհերու թիւը հասած է 8-ի, իսկ վիրաւորներինը՝ 864-ի, յայտնած է առողջապահութեան նախարար Ֆահրեթին Քոճան: