image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիոյ Հարցերը Կը Լուծուին Միայն Էրտողանի Հեռացումով. Սեւան Նշանեան

Թուրքիոյ  Հարցերը Կը Լուծուին Միայն Էրտողանի   Հեռացումով. Սեւան Նշանեան

 «Արեւելք»  այսօր բացառիկ  զրոյց ունեցաւ    բանտէն    7 օրով ազատ արձակուած  Սեւան  Նշանեանին Հետ

   Դեկտեմբեր  2013-էն  ի վեր    բանտարկուած Սեւան  Նշանեան, որ այսօր   7 օրով ազատ արձակուած է   «Արեւելք»ին  ըսաւ, թէ «Եղած կարգադրութիւնը  միայն ինծի չի վերաբերիր այլ   բազմաթիւ բանտարկեալներու համար նմանօրինակ  կարգադրութիւն եղած է»:   Նշանեան նաեւ նկատել տուաւ, որ յետ այսու  «բաց բանտային»  ռէժիմով պիտի անցընէ իր բանտարկութիւնը:   Ան    ըսաւ, որ   ցայսօր կը գտնուէր   Այտըն  նահանգի  Սուլթան Հիսար   աւանի «Աղլանճա»  բանտին մէջ ու յետ այսու պիտի փոխադրուի նոյն շրջանին մէջ   գտնուող համեմատաբար  աւելի    լաւ պայմաններ ունեցող  բանտ մը:  Նշանեան  խօսելով իր դատական գործին  մասին    ըսաւ, թէ  ներկայ պահու դրութեամբ   իր   բանտարկութեան      ժամկէտը    11.5  տարի է    եւ    եթէ   այդ  վճիռին  վրայ աւելցուի      այլ  6.5    տարուան   վճիռ մը ապա  բանտարկութեան տարիներուն թիւը  կը հասնի 18  տարուան:  Հայազգի քաղաքական բանտարկեալը, որ արգելափակուած   է իր հիմնած Շիրինճէ աւանին  մէջ ապօրինի շինութիւններ կատարելու անհիմն մեղադրանքով  որոշ վրդովմունք յայտնեց, իր հարցին  կապակցութեամբ   հայութեան  ցուցաբերած ընդհանուր անտարբերութեան  վերաբերեալ: «  Մեր ընկերները եւ   մօտիկ համարուած   ծանօթները չկրցան  ոչ մէկ ձեւով  իմ հարցին մասին  լուսաբանումներ տալ: Օրինակ   Պոլսոյ «Ակօս»   պարբերականը ոչ մէկ տող գրեց  իմ  բանտարկութեան պայմաններուն մասին  եւ այս մէկը   մեծ ամօթ մըն է»: Ըստ Նշանեանի  իր անկախ ըլլալուն պատճառով է   նաեւ,  որ      ազդու կողմեր   տէր չկանգնեցան   իր դատին հակառակ անոր,  որ  քիչ չէ թիւը այն մարդոց որոնք դրական   կեցուածք ունին իր հանդէպ:     Հայ մտաւորականը նաեւ  ըսաւ, որ  հակառակ  դժուարին պայմաններուն կը շարունակէ իր  մտաւորական աշխատութիւնները բանտին մէջ: Ան նշեց, որ ներկայիս կ'աշխատի      Թրքերէն լեզուի  պատմութեան   նուիրուած   հատորի մը վրայ, որ իր  նմանօրինակ  աշխատութիւններու  շարքին   5-րդ  հատորը պիտի ըլլայ: Նշանեան  պատասխանելով մեր  հարցումին, իր  Թուրքիոյ մէջ  (բանտ մուտք գործելէն ետք)  տպագրուած «Աղըր Քիթապ»  («Ծանր Գիրք»  խմբ.՝ «Արեւելք») գիրքին  մասին, ըսաւ, որ  հատորը  իր վերջին  շրջանի հրապարակած   յօդուածներուն 1000 էջերէ  բաղկացող հաւաքածոն է:  Ան  նոյնպէս   յիշեց, որ իր  հատորները   Հայաստանի մէջ պիտի հրապարակուին հրապարակախօս ՝Սարգիս Հացպանեանի ճիգերով:  Նշանեան պատասխանելով «Արեւելք»ի հարցումին կապուած   Թուրքիոյ   այսօրուան  զարգացումներուն   յարեց՝ « Երկիրը մեծ խենթութեան մը մէջ    է եւ   իր ճամբան  կորսնցուցած:   Թուրքիա  այսօր         դժուար պայմաններու մէջ է  ու մարդ չի կրնար  կռահել թէ այս ընթացքով  դէպի ուր կ'երթանք»: Ան  չի  բացառեց,  որ  Թուրքիան մտնէ համընդհանուր պատերազմի մը մէջ:   Ըստ Նշանեանի    Թուրքիա  այսօր հիւանդ է եւ այդ հիւանդութիւնը կապ ունի միջին արեւելքը հարուածող   մեծ  հիւանդութիւններուն հետ:  Անոր կարծիքով   Թուրքիոյ համար  այսօր  կարեւորաւգոյն հարցը     երկրի  նախագահ  Էրտողանի հեռանալն է: «Էրտողանը  շատ դրական եւ ճիշդ  բաներ ըրաւ այս երկրին համար բայց  այսօր   ան սպառած է եւ պէտք է հեռանայ: Անոր իշխանութիւնէն հեռացումը   դուռը կը բանայ Թուրքիոյ մէջ նոր հանգրուանի մը  սկիզբին , որը պիտի ըլլայ լուծումներուն հանգրուան մը:  Էրտողանի հեռացումը   մեծապէս կը թեթեւցնէ     ծանր  վիճակի մատնուած Թուրքիան: Էրտողան      14 տարի էի վեր  կ'իշխէ  Թուրքիոյ մէջ եւ անոր պէս զօրամոլ  մարդ մը պէտք է վայրկեան առաջ  հեռանայ  իշխանութիւնէն:  Էրտողանը  այսօր  Թուրքիոյ  մեծագոյն    բրոպլէմն  է»  եզրակացուց՝   Սեւան  Նշանեան: Աւարտին խօսելով իր բանտարկութեան հանգապժմանքներուն մասին  Նշանեան    ըսաւ « Իմ  դէմ եղածը  անիմաստ,    սարսափելի եւ ապուշ   վճիռ մըն է: Մինչ  Շիրինճէյի մէջ իմ  ստեղծած հաստատութիւններս հիացմունքի եւ մեծ յաջողութեան     կ'արժանանն  անդին   նոյն հաստատութիւնները ստեղծողը  կրնայ մինչեւ  15    տարի բանատարկուիլ:» Բացառելով  Թուրքիայէն ընդմիշտ հեռանալու մասին   խօսքերը Նշանեան   նկատել տուաւ, որ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն  ուզածը արդէն իր երկրէն հեռանալն  է,  բայց ինք  այդ քայլին  պիտի չդիմէ ինչ ալ ըլլան հանգամանքները: