Թուրքիոյ, Եգիպտոսի եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարները սեպտեմբեր 17-ին հեռաձայնային խօսակցութիւն ունեցած են Կազայի մէջ ստեղծուած իրավիճակին շուրջ։ «Արմէնփրէս»-ի տեղեկութեամբ, այդ մասին յայտնած է «Ռիա Նուոսթի»ի Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրը։
«Սեպտեմբեր 17-ին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը հեռաձայնային բանակցութիւններ ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆէյսալ պըն Ֆարհան ալ-Սաուտիի եւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտուլաթիի հետ», — նշած է գործակալութեան աղբիւրը։
Կողմերը քննարկած են Կազայի շրջանին մէջ տիրող վիճակը, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի շրջածիրէն ներս Պաղեստինին նուիրուած առաջիկայ միջոցառումներու համակարգումը։