Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանը պատասխանատուութիւն կը կրէ անսովոր արժութային ճգնաժամի համար ֆինանսական շուկաներուն մէջ։ Այս մասին գրած է Financial Times-ը։
Կը նշուի, որ ճգնաժամը, որուն հետեւանքով լիրայի փոխարժէքը տոլարի եւ եւրոյի նկատմամբ հասած է բոլոր ժամանակներու նուազագոյնին, ոչ թէ տնտեսական հիմք ունի, այլ պայմանաւորուած է Էրտողանի՝ երթալով աւելի անկանոն որոշումներու կայացմամբ եւ երկրի Կեդրոնական դրամատան վրայ անոր ունեցած ազդեցութեամբ:
«Մինչեւ ան չփոխէ քաղաքականութիւնը, միակ հարցը, որ ծառացած է Թուրքիոյ առջեւ՝ երկիր, որ մեծ նորուժ ունի, այն է՝ որքան երկար պիտի մնայ նախագահը եւ դեռ ինչքան վնաս ան կրնայ հասցնել երթալէն առաջ», կ'ըսուի հրապարակման մէջ։
Յիշեցնենք, որ նախորդ շաբաթ թրքական լիրան արժեզրկման պատմական մրցանիշ գրանցած էր՝ մէկ տոլարի նկատմամբ հասնելով 13․52-ի։ Այս տարուայ ընթացքին կորուստները կազմած են աւելի քան 40 տոկոս։ Էրտողանն ալ Թուրքիոյ տնտեսական խնդիրներուն մեղքը կը բարդէ, այսպէս կոչուած, տոկոսադրոյքներու լոպպիին վրայ, որ, ըստ անոր, Թուրքիոյ տնտեսութիւնը կը ձգտի ծունկի բերել՝ Կեդրոնական դրամատան ստիպելով տոկոսադրոյքները բարձրացնել։ Բացի այդ, Էրտողան նաեւ հրամայած է հետաքննութիւն սկսիլ ընկերութիւններու եւ անհատներու կողմէ լիրայի փոխարժէքի հնարաոր վեռնավարութեան հետ կապուած։
«Եթէ նախագահը շարունակէ տոկոսադրոյքներու իջեցման ծրագիրը, ապա լիրան պիտի նուազի, իսկ գիները անխուսափելիօրէն պիտի աճին։ Ընդդիմադիր կուսակցութիւնները լաւատես են, որ Էրտողանը իր իշխանութեան վերջին տարիներուն է եւ 2023 թուականին նշանակուած ընտրութիւնները վերջ պիտի դնեն արատաւոր պարոյրին», կ'ըսուի հրապարակման մէջ։