image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիա.PKK Անդամութեան Մէջ Մեղադրուող 32 Անձեր Ձերբակալուած Են Երկրի Հարաւը

Թուրքիա.PKK Անդամութեան Մէջ  Մեղադրուող   32   Անձեր  Ձերբակալուած Են  Երկրի  Հարաւը

Թուրքիա-(«Տէյլի Սապահ»-Պոլիս) Ըստ «Տէյլի Սապահ»ին, երկու PKK  անդամներ սպանուած են Թուրքիոյ ապահովական ուժերուն կողմէ, Շաբաթ օր: Երկու ուրիշներ վիրաւորուած են բախումի մը ընթացքին, Թուրքիոյ Արեւելեան շրջանի Էրզրում նահանգին մէջ: Աղբիւրը աւելցուց թէ, զօրքերը  ոչնչացուցած են   զինամթերքի կեդրոն մը:Հարաւային չորս նահանգներուն մէջ, PKK-ի  անդամութեան  մէջ   մեղադրուող  32 կասկածելիներ  ձերբակալուած են:Աւելի քան 45.000 մարդ մահացած է, այն օրէն երբ PKK-ն, սկսած է իր զինեալ ապստամբութիւնը Թրքական պետութեան  դէմ 1984-ին:Այս շրջանին, մօտաւոր 30.000  քիւրտ  զինեալներ սպանուած են, մինչ թրքական անվտանգութեան անձնակազմի կորուստները կը հաշուեն մօտ 7.000  զինուորներ: Շրջանին մէջ ապրող, մեծամասնութեամբ քրտական ծագումով թրքական հպատակութիւն կրող քաղաքացիներուն կորուստները, մօտաւոր 6000  են: