Թուրքիան 23 միլիառ տոլարով կրճատած է ԱՄՆ-էն F-16 կործանիչներու գնման գործարքը՝ չեղեալ յայտարարելով իր գործող նաւատորմի արդիականացման համար 79 հաւաքածուի գնումը, երեքշաբթի ուշ երեկոյեան յայտարարած է պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլերը։
ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիան այս տարուան սկիզբը երկար ձգձգուած գործընթացէ ետք ԱՄՆ-էն ձեռք բերաւ 40 F-16 կործանիչ 79 հաւաքածու իր գոյութիւն ունեցող F-16-ներն արդիականացնելու համար:
«F-16 Block-70-ի ձեռքբերման համար նախապէս վճարուած է 1,4 միլիառ տոլար, ասով մենք պիտի գնենք 40 F-16 Block-70 Viper եւ կը պատրաստուէինք գնել արդիականացման 79 հաւաքածու»,-ըսած է Կիւլերը խորհրդարանական լսումներու ժամանակ։
«Սակայն մենք հրաժարեցանք այդ 79-էն, որովհետեւ մեր թրքական օդատիեզերական արդիւնաբերութեան ձեռնարկութիւնները (TUSAS) ի վիճակի են ինքնուրոյն իրականացնելու արդիականացումը, եւ մենք վստահեցանք անոնց»,-ըսած է նախարարը:
Կիւլերը աւելցուցած է, որ 40 նոր Lockheed Martin F-16 օդանաւի եւ ատոնց զինամթերքի վաճառքը Թուրքիոյ պիտի արժէ մօտ 7 միլիառ տոլար։
Անգարան այս պատուէրը տուած է 2021 թուականի հոկտեմբերին՝ երկու տարի այն բանէ ետք, երբ Միացեալ Նահանգները երկիրը հանեց հինգերորդ սերունդի F-35 կործանիչներու ծրագրէն՝ ռուսական հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգեր գնելու պատճառով:
Թուրքիան կ՚ուզէ կրկին միանալ F-35 ծրագրին եւ գնել 40 նոր F-35 օդանաւ, ըսած է Կիւլերը։
Անգարան շահագրգռուած է նաեւ Eurofighter Typhoon կործանիչներ գնելու հարցով, որոնք կ՚արտադրուին Գերմանիոյ, Մեծ Բրիտանիոյ, Իտալիոյ եւ Սպանիոյ առեւտրական ընկերակցութեան կողմէ։ Այն նաեւ կը մշակէ սեփական KAAN մարտական ինքնաթիռը: