Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի անդամ Արթուր Դաւթեանը դարձաւ Ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր:
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ` Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ ընթացող 32-րդ ամառնային Ողիմպիական խաղերու մարմնամարզութեան առանձին վարժութիւններու յենացատկի եզրափակիչին Արթուր Դաւթեանը հաւաքեց 14.733 միաւոր եւ գրաւեց երրորդ հորիզոնականը:
Ոսկեայ մետալ նուաճեց Քորէայի ներկայացուցիչ Եոահուան Շինը, որ հաւաքեց 14.783 միաւոր, իսկ Ռուսաստանի ողիմպիական կոմիտէի հաւաքականէն Տենիս Ապիլիազինը դարձաւ արծաթէ մետալակիր:
Արթուր Դաւթեանը Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի անդամ է, Եւրոպայի առաջնութեան եւ Եւրոպական երկրորդ խաղերու յաղթող: Մինչ այս մասնակցած է նաեւ Լոնտոնի եւ Ռիոյի Ողիմպիական խաղերուն: Արթուր Դաւթեանը ծնած է 1992 թուականի 8 Օգոստոսին։ 1998 թուականին 7 տարեկան հասակին սկսած է զբաղուիլ մարմնամարզութեամբ Ալպերթ Ազարեանի անուան մարզադպրոցին մէջ։ 2008 թուականէն մարմնամարզութեան Հայաստանի հաւաքականի անդամ է։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել