image

Թրքական «մոտել»ը ձեռնտու չէ Պաքուին. Ռուս փորձագէտ

Թրքական «մոտել»ը ձեռնտու չէ Պաքուին. Ռուս փորձագէտ

Անցած աշնան իրադարձութիւններէն յետոյ թրքական գործօնը տարածաշրջանին մէջ աշխուժացած է: Կարեւոր է հասկնալ, որ այդ գործօնը ավելի շուտ յայտնուած է՝ Ատրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ ազդեցութեան աւելացման զուգահեռ, այդ շարքին՝ ռազմական բնոյթի: Այս մասին «Հայաստան եւ Ռուսաստան. նոր ռազմավարութեան հրամայականը» աշխարհաքաղաքական նստաշրջանի ժամանակ ըսած է Ռուսաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի Փրիմաքովի անուան Համաշխարհային տնտեսութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու հիմնարկի տնօրէն, ակադեմիկոս Ֆյոտոր Վոյթոլովսքին:

«Ընդ որում, ես վստահ չեմ, որ այն մոտելը, որ այժմ Թուրքիան կը քարոզէ Ատրպէյճանի մէջ, իսկապէս երկարաժամկէտ հեռանկարի մէջ ձեռնտու է Ատրպէյճանի ղեկավարութեան: «Մէկ ազգ, երկու երկիր» մոտելը կ'ենթադրէ, որ կայ աւագ գործընկեր եւ կրտսեր գործընկեր: Ես շփուած եմ թուրք գործընկերներու հետ, որոնք ատրպէյճանցիներուն «կրտսեր եղբայրներ» անուանեցին: Այսինքն՝ նախանշուած են լուրջ փոփոխութիւններ, որոնք կը շարունակեն զարգանալ», յաւելած է ան: