image

Թրքական լիրայի անկումն աւարտած է․ Էրտողան

Թրքական լիրայի անկումն աւարտած է․ Էրտողան

Թրքական լիրայի անկումն աւարտած է, տոլարի նկատմամբ արժոյթի ամրապնդման մեծ հաւանականութիւն կայ։ «ՌԻԱ Նովոսթի»ի հաղորդմամբ՝ Ալժիրէն վերադառնալէ ետք լրագրողներուն յայտնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը:

«Գնաճի նուազեցման մեր կողմէ կիրառուող ծրագիրը շատ մեծ հաւանականութեամբ կրնայ յանգեցնել լիրայի արժէքի իրական գնահատման։ Այսպիսով, լիրայի արժէզրկման գործընթացն աւարտած է, մեծ հաւանականութիւն կայ, որ լիրան կ՚ամրապնդուի», -ըսած է Էրտողան։

Անոր խօսքով՝ իշխանութիւնը ձեռք կը բերէ ներդրողներու վստահութիւնը՝ իրականացնելով կառուցողական բարեփոխումներ եւ առողջ տնտեսական քաղաքականութիւն, որ կը յանգեցնէ իրացուելիութեան ներհոսքի ու լիրայի իրական փոխարժէքի:

«Որպէս արդիւնք, տնտեսութեան ողջամիտ աճ կ՚ըլլայ եւ միեւնոյն ժամանակ կը նուազի գնաճը», - նշած է Էրտողան:

Թրքական արժոյթն այս տարուան սկիզբէն իւրաքանչիւր ամսուան արդիւնքներով, բացի օգոստոսէն, աժանցած է։ Այս պահուն ազգային արժոյթի փոխարժէքը մէկ տոլարի դիմաց կը հազմէ 28,8 լիրա: