Սերտ բարեկամական կապեր կը միաւորեն Թուրքիան եւ Ուքրանիան: Այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չավուշօղլուն Լվովի մէջ ուքրանացի պաշտօնակից Տմիթրի Գուլեպայի հետ համատեղ ասուլիսի ընթացքին՝ յաւելելով, որ իրենց երկիրները համերաշխութիւն կը դրսեւորեն շատ հարցերու մէջ:
«Մեր կապերը կը զարգանան բազմաթիւ ուղղութիւններով, ինչ որ չի կրնար չուրախացնել: Երկու երկրի նախագահները տարեսկիզէն ի վեր արդէն երկու հանդիպում ունեցած են», ըսած է Չավուշօղլուն:
Նախարարը ընդգծած է, որ Թուրքիոյ դիրքորոշումը Ուքրանիոյ ամբողջականութեան ու ինքնաիշխանութեան աջակցելու հարցով անփոփոխ է:
«Անգարան աջակցած է եւ կը շարունակէ աջակցիլ Ղրիմեան հարթակի նախաձեռնութեան յառաջխաղացման: Թուրքիան յատուկ նշանակութիւն կու տաս ղրիմեան թաթարներու իրաւունքի թեմային: Մինչեւ տարեվերջ Ուքրանիոյ մէջ թրքական կողմի աջակցութեամբ պիտի սկսի տուներու շինարարութիւնը ղրիմեան թաթարներուն համար», յաւելած է դիւանագէտը: