ԱՄՆ արդարադատութեան նախարարութիւնը հրապարակած է նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի առանձնատունէն գրաւուած գաղտնի փաստաթուղթերու պատկերները, որոնց մէջ փաստաթուղթերը փռուած են Մար-ա-Լակոյի առանձնատան յատակին՝ Հետաքննութիւններու դաշնային բիւրոյի՝ 8 օգոստոսին տեղի ունեցած խուզարկութեան ժամանակ: Անոնցմէ շատերը մակագրուած են «յոյժ գաղտնի»:
Արդարադատութեան նախարարութիւնը նախկին նախագահի խումբը մեղադրած է նախապէս իրենց որոնած գաղտնի փաստաթուղթերը թաքցնելու համար: Հետախուզութիւններու դաշնային բիւրոն խուզարկութեան ժամանակ գրաւած է 33 արկղ՝ աւելի քան 100 գաղտնի փաստաթուղթերով, գրած է Daily Mail-ը:
Պարբերականը մանրամասնած է, որ Տանըլտ Թրամփ իր մի քանի մերձաւոր դաշնակիցներու մօտ ըսած է, որ ինք «հետախուզական տուեալներ» ունի Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի սեռական եւ սիրային կեանքի վերաբերեալ, որու մասին տեղեկացած է նախագահ ըլլալու ժամանակ։ Երկու հոգի, որոնք քաջատեղեակ են հարցին, Rolling Stone-ին ըսած են, որ Թրամփի պնդմամբ՝ ինքը Մաքրոնի «կեղտի» մասին տեղեկացած է հետախուզութեան զեկոյցի միջոցով: Միեւնոյն ժամանակ աղբիւրները խոստովանած են, որ երբեմն դժուար էր որոշել, թէ որ տեղեկատւութիւնը իրական է, որը՝ բամբասանք: