image
Հրատապ լուրեր:

Թրակիոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Յովհաննէս ծ.վրդ.ին այցը Ալեքսանտրուպոլսոյ քաղաքապետին

Թրակիոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Յովհաննէս ծ.վրդ.ին այցը Ալեքսանտրուպոլսոյ քաղաքապետին

Աթէնքի մեր պաշտօնակից «Ազատ օր»էն կը կարդանք՝

Հինգշաբթի, 7 Ապրիլ 2022-ին, Թրակիոյ հոգեւոր հովիւ ու առաջնորդական փոխանորդ Յովհաննէս Ծ.Վ. Սաղտըճեան եւ Ալեքսանտրուպոլսոյ «Ս. Կարապետ» եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը աշխատանքային այցելութիւն կատարեցին շրջանի քաղապետ Իոաննիս Զամպուքիսին։ 

Հանդիպումի ջերմ մթնոլորտին մէջ արծարծուեցան շրջանի համայնքը հետաքրքրող հարցեր, ինչպիսին են հայ եւ յոյն կապերը յաւերժացնող յուշարձանի մը զետեղումը Արղօ պուրակին մէջ, նաեւ եկեղեցւոյ առջեւ գտնուող հնամեայ պատմական շէնքի ու աղբիւրի վերանորոգումը։։

Յաջորդաբար, խօսակցութիւնը ծաւալեցաւ մշակութային գործունէութեան շուրջ եւ սեղանի վրայ դրուեցան Ալեքսանտրուպոլսոյ հայկական համայնքի պատմութեան մասին գիրքի հրատարակման կարելիութիւնները, քաղաքի ճամբաներէն մէկուն հայկական անուանումը եւ հայազգի Խրիսթինա Ալեքսանեանի պատրաստած «Հրէշը լուսնին վրայ» թատրերգութեան ներկայացումը։

Հայկական պատուիրակութիւնը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց քաղաքապետին՝ ընձեռած առիթին համար միասնաբար քննարկելու հայկական համայնքը յուզող հարցերը։