Վրաստանի մէջ վերջին մէկ օրուան մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուելէ ետք բարդութիւններէն մահացածներու թիւը 54 է, որ մրցանշային ցուցանիշ է համավարակի սկիզբէն ի վեր, յայտնած է Հիւանդութիւններու վերահսկողութեան ազգային կեդրոնի կայքը:
Նախորդ օրական մահացութեան առաւելագոյն մակարդակը գրանցուած էր 2020 թուականի 18 Դեկտեմբերին, երբ մահացած էր 53 մարդ: Ընդհանուր առմամբ, համավարակի ընթացքին հանրապետութեան մէջ մահացած է 6182 մարդ:
Վերջին օրուան ընթացքին գրանցուած է նաեւ վարակի նոր դէպքերու մրցանշային ցուցանիշ: Վերջին մէկ օրուան մէջ «Քորոնա» ժահր յայտնաբերուած է 5697 մարդու մօտ:
Ընդհանուր առմամբ, հանրապետութեան մէջ յայտնաբերուած է «Քորոնա» ժահրային վարակի 455 846 դէպք, որ կը կազմէ բնակչութեան 12,23%-ը, ապաքինուած է 406 475 հիւանդ:
Վրաստանի մէջ Յուլիսէն «Քորոնա» ժահրային վարակի օրական դէպքերու թիւը կ'աճի: Եթէ նախապէս օրական ցուցանիշը կը տատանէր 1000-ի սահմաններուն, ապա այժմ այն կը հասնի 4000-ի: Սա ստիպած է իշխանութիւններուն դարձեալ դիմակներու կրումը դարձնել պարտադիր:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել