image

Թեհրանը դարձեալ կը շեշտէ. «Դէմ ենք սահմաններու փոփոխութեան»

Թեհրանը դարձեալ կը շեշտէ. «Դէմ  ենք սահմաններու փոփոխութեան»

Ատրպէյճանը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան համար։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆը իր ատրպէյճանցի գործընկեր Սահիպա Կաֆարովայի հետ հանդիպման ժամանակ, գրած է իրանեան «Mehr» լրատուական գործակալութիւնը։

«Այսօր երկու երկիրները կը ձգտին զարգացնել եւ խորացնել յարաբերութիւնները, եւ ես վստահ եմ, որ երկու երկիրներու պաշտօնեաները մեծ ցանկութիւն ունին զարգացնելու յարաբերութիւնները»,-ըսած է ան՝ ընդգծելով․ «Մենք կրնանք լաւ յարաբերութիւններ ունենալ իրար հետ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային ասպարէզի մէջ, եւ որքան մօտ ըլլան տարածաշրջանի երկիրները, այնքան լաւ տարածաշրջանի համար, եւ ոչ տարածաշրջանային երկիրները պէտք չէ միջամտեն այս հարցին»:

«Մենք չենք ընդունիր սահմաններու աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւնները (կովկասեան տարածաշրջանին մէջ)»,- ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ Թեհրանը «յստակ դիրքորոշում ունի Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման հարցով, եւ մենք պատրաստ ենք զարգացնելու առեւտրային եւ տարանցիկ փոխանակումները»։

Կաֆարովան, իր հերթին, ըսած է, որ երկու երկիրները միաւորողը միայն աշխարհագրութիւնը եւ սահմաններու մօտ ըլլալը չէ, «մենք իսլամ ենք, եւ Իրանի բնակչութեան մեծ մասը կը խօսի ատրպէյճաներէն»։

«Երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութեան շատ ոլորտներ կան, սակայն կան տարբեր խնդիրներ, որոնք կ'ազդեն Իրանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու վրայ։ Մենք կ'աջակցինք խաղաղութեան ու անվտանգութեան եւ կ'ուզենք, որ տարածաշրջանին մէջ կայունութիւն ըլլայ», - եզրափակած է ան: