Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ ընդհանուր սահմանը երկու ժողովուրդներու միջեւ պատմական հաղորդակցութեան ուղի է, եւ Թեհրանը թոյլ չի տար որեւէ ոտնձգութիւն այս սահմանի նկատմամբ։ Այս մասին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է Իրանի պաշտպանութեան եւ զինուած ուժերու աջակցման նախարար, զօրագունդի զօրավար Ազիզ Նասիրզատէն: Այս մասին յայտնած է Mehr գործակալութիւնը։
Իրանի պաշտպանութեան նախարարն ընդգծած է երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու ռազմավարական կարեւորութիւնը։
«Հայաստանը յատուկ տեղ կը զբաղցնէ Իրանի հարեւանութեան քաղաքականութեան մէջ»,- ըսած է Նասիրզատէն։։
Իրանի պաշտպանութեան նախարարը տարածքային ամբողջականութեան եւ տարածաշրջանային սահմաններու կայունութեան պահպանումը համարած է Իրանի քաղաքականութեան անփոփոխ սկզբունքներէն մէկը։
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հրաւէրով Իրանի պաշտպանութեան եւ զինուած ուժերու աջակցման նախարար, զօրագունդի զօրավար Ազիզ Նասիրզատէն մայիս 20-ին պաշտօնական այցով ժամանած է Հայաստան։