Հրատապ լուրեր:

The Conservation.«Իսրայէլ կանգնած է մահ ու կենաց պայքարի մը առջեւ»

The Conservation.«Իսրայէլ կանգնած է  մահ ու կենաց  պայքարի մը  առջեւ»

Յօդուածի աւարտին գրողը խօսելով Նաթանիահուի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին մասնաւորապէս կը նշէ, որ «այս փուլը պիտի ըլլայ Նաթանիահույի մեծ քննութեան ամենավճռական փուլը»։

Ամերիկեան համբաւաւոր The Conservation պարբերականի գրողներէն Ռան Փորաթ օրերս յօդուած մը ստորագրած է Իսրայէլի մէջ օրըստօրէ աւելիով թէժացող ապահովական-քաղաքական տագնապներուն մասին։

Վերջինս դիտարկելով ընդհանուր իրականութիւնը մասնաւորապէս նշած է, որ Իսրայէլի վարչապետ Բէնիամին Նաթանիահու կանգնած է բաւական բարդ դրութեան մը մէջ։

 «Մէկ կողմէ ծայրայեղական աջակողմեաններուն հետ լեզու գտնելու հարցը, եւ միւս կողմէ ամբողջ Իսրայէլին սպառնացող պաղեստինեան ջոկատներու սպառնալիքնեը Նաթանիահուն դրած են բարդ վիճակի մը մէջ»,-ըսած է գրողը նկատել տալով, որ ներկայ փուլին Իսրայէլը ունի ամէնէն ծայրայեղ եւ աջակողմեան կառավարութիւններէն մին։

Նշենք, որ արդէն 8-րդ շաբաթն է, որ Իսրայէլի մէջ բողոքի ցոյցեր տեղի կ՚ունենան, որոնք կը պահանջեն Նաթանիահույի կառավարութեան հրաժարականը։

 Միւս կողմէ կ՚արձանագրուին զինեալ բախումներ մասնաւորապէս Արեւմտեան Ափի «Հաուրա» շրջանին եւ Երուսաղէմի «Ժընին» շրջանին մէջ, ուր պաղեստինցիք հակառակ իրենց կրած մեծ կորուստներուն ցոյց կուտան ուժեղ դիմադրութիւն։

Յօդուածի աւարտին գրողը խօսելով Նաթանիահուի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին մասնաւորապէս կը նշէ, որ «այս փուլը պիտի ըլլայ Նաթանիահույի մեծ քննութեան ամենավճռական փուլը»։