Ապրիլ 12-ին ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերով տեղակալի պաշտօնակատար Տերեք Հոկանի հետ:
Այս մասին յայտնած են ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութենէն։
Զրուցակիցներն անդրադարձ կատարած են տարածաշրջանային անվտանգութեան խնդիրներու:
Նախարար Միրզոյեանը ներկայացուցած է նախօրէին Հայաստանի Հանրապետութեան Սիւնիքի մարզի Տեղ գիւղի հատուածին ատրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէ իրականացուած սադրանքի մանրամասներ՝ նշելով, որ այն Ատրպէյճանի ընդհանուր յարձակողական քաղաքականութեան հերթական դրսեւորումն էր եւ նպատակ կը հետապնդէ նաեւ խաթարել խաղաղ բանակցութիւնները շարունակելուն ուղղուած ջանքերը:
Միտքեր փոխանակուած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամի, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերու շուրջ։ Արարատ Միրզոյեանը վերահաստատած է խաղաղութեան գործընթացին Հայաստանի Հանրապետութեան յանձնառութիւնն ու ներկայացուցած է առկայ խնդիրներու կարգաւորման հարցով հայկական կողմի մօտեցումները: