Սուրիոյ Թարթուս եւ Լաթաքիա բնակավայրերուն մէջ բողոքի ցոյցեր սկսած են, լսուած են կրակոցներ։ Նախկին նախագահ Ասատի կողմնակիցները կը բողոքեն նոր իշխանութիւններու դէմ։
Ալ Ճազիրան հաղորդած է, որ ցուցարարները դարանակալած են Լաթաքիոյ մերձակայքը եւ սպանած նոր կառավարութեան անվտանգութեան աշխատակիցներ: Զոհերու թիւը հասած է 70-ի։
Սուրիոյ նոր իշխանութիւնները համալրում ուղարկած են Իտլիպէն, Համայէն, Հոմսէն եւ Հալէպէն։
Ալ Ճազիրայի աղբիւրի համաձայն՝ ցուցարարներու շարքին են սուրիացի հրամանատար, գնդապետ Սուհէյլ ալ Հասանի կողմնակիցները։