image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ իշխանութիւնները փակած են Հալէպի օդակայանն ու քաղաք տանող բոլոր ճանապարհները

Սուրիոյ իշխանութիւնները փակած են Հալէպի օդակայանն ու քաղաք տանող բոլոր ճանապարհները

Սուրիոյ իշխանութիւնները շաբաթ օր փակած են Հալէպի օդակայանը եւ քաղաք տանող բոլոր ճանապարհները: Այս մասին տեղեկացուցած է Reuters-ը՝ յղում կատարելով երեք զինուորական աղբիւրի։

Ռուսիան՝ Ասատի կարեւոր դաշնակիցներէն մէկը, Դամասկոսին խոստացած է լրացուցիչ ռազմական օգնութիւն, որ խանգարէ իսլամիստները, տեղեկացուցած են երկու զինուորական աղբիւրները՝ աւելացնլով, որ նոր ռազմական սարքաւորումները պիտի հասնին առաջիկայ 72 ժամուան ընթացքին։

Սուրիական բանակին հրամայուած է հետեւիլ քաղաքի հիմնական շրջաններէն «անվտանգ հեռանալու» հրամանին, ուր մտած են իսլամականները։