Սուրիոյ պետական բանակը քիչ առաջ մուտք գործած է Մանպիճ: Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց Սուրիոյ պետական պակերասփիւռը, նշելով, որ բանակի զօրասիւներ արդէն իսկ մուտք գործած են Մանպիճ քաղաք եւ բարձրացուցած են Սուրիոյ դրօշը՝ քաղաքի կառավարական կեդրոններուն վրայ:
Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ շրջանին մէջ գտնուող քրտական ջոկատները միացեալ կոչ մը հրապարակած էին, որու հիմքով շրջանի քիւրտերը Սուրիոյ բանակէն կը խնդրէին մուտք գործել եւ իրենց տիրապետութեան տակ առնել Մանպիճ քաղաքը: