image

Սուրիկ Խաչատրեանի որդին կալանաւորուած

Սուրիկ Խաչատրեանի որդին կալանաւորուած

Դատարանը բաւարարած է ՀՀ քննչական կոմիտէի Սիւնիքի մարզային քննչական վարչութենէն ներկայացուած միջնորդութիւնը՝ Տիգրան Խաչատրեանի նկատմամբ կալանքը որպէս խափանման միջոց ընտրելու վերաբերեալ։

Դիմատետրեան էջին գրած է Քննչական կոմիտէի խօսնակ Գոռ Աբրահամեանը։

Երէկ՝ 22 յունիսին, տեղեկացուած էր, որ Տ․ Խաչատրեանի նկատմամբ հանրային քրէական հետապնդում յարուցուած է ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 335-րդ յօդուածի 1-ին մասով, 171-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 7-րդ կէտով եւ 297-րդ յօդուածի 3-րդ մասով։

Ըստ նախաքննութեամբ ստացուած փաստական տուեալներու՝ Տ․Խաչատրեանը 19 յունիսին ժամը 20․30-ի սահմաններուն իրեն պատկանող «Mercedes-Benz» մակնիշի մեքենայով, երկու մտերիմներու հետ, գացած է մեքենայի սարկման կէտ, ուր յիշեալ հարցի շուրջ պարզաբանումներ կատարելու ընթացքին, չնչին առիթն օգտագործելով, իր սեփական անձի առաւելութիւններն ընդգծելու եւ այդ կերպ հանդուգն վարքագիծ դրսեւորելու մոլուցքէ դրդուած, խուլիգանական դրդումներով, վիճաբանութիւն հրահրած է աշխատակիցներու հետ, անոնց հասցէին հնչեցուցած է սեռական բնոյթի հայհոյանքներ։

Ապա, համակեցութեան կանոններու ցուցադրաբար անտեսմամբ, մեքենայի սպասարկման կէտի հարեւանութեամբ գտնուող քաղաքացիներու, թաղամասի բնակիչներու, սպասարկման կէտերու անդորրը խախտելով, իր մօտ ապօրինի կրած հրազէնով կրակոց արձակած է 46-ամեայ տղամարդու ուղղութեամբ` վերջինիս պատճառելով առողջութեան թեթեւ վնասի յատկանիշներ պարունակող վերոնշեալ մարմնական վնասուածքը եւ հեռացած է դէպքի վայրէն:

Ոստիկանութեան տրուած է յանձնարարութիւն՝ Տիգրան Խաչատրեանը յայտնաբերելու եւ վարոյթն իրականացնող մարմնին ներկայացնելու վերաբերեալ։