Սուրիացի աքթիւիսթներ ընկերային ցանցերու վրայ տեսանիւթ մը տարածած են, ուր Սուրիոյ նախկին նախագահ Հաֆէզ Ասատ ճառ մը արտասանած պահուն ( տեսանիւթը առնուած է 80-ականներուն) անդրադարձ կատարած է ԱՄՆ-ի կողմէ Սուրիոյ ուղղուած սպառնալիքներուն:
Նախագահ Հաֆէզ Ասատ մասնաւորապէս ըսած է. «Երբ Իսրայէլ իր գրաւման նպատակները ամբողջութեամբ չկրցաւ իրագործել, ԱՄՆ ուզեց միջամտել իր անմիջական ուժերով՝ նաւատորմերով եւ օդանաւ փոխադրող սարքերով, իր հետ բերելով նաեւ իր դաշնակիցները, եւ այս բոլորին նախորդեց լուրերու եւ յայտարարութիւններու տարափ մը, որ իր ամբողջին մէջ կը կրէր սպառնալիքներ եւ խոստումներ, սակայն անոնք ամբողջովին սխալած էին իրենց թիրախին մէջ, քանի որ Սուրիան չի վախնար նաւատորմերէն, ոչ ալ օդանաւակիր հզօր նաւերէն»:
Տեսանիւթը՝ այստեղ