image

Սուրիացի վարձկաններու Լիպիայէն հեռացումը սկսա՞ւ

Սուրիացի վարձկաններու Լիպիայէն հեռացումը սկսա՞ւ

Թրքական միջոցներով եւ ծրագրով Լիպիա հասած սուրիացի զինեալներու տարհանումը կարծես թէ սկիզբ առած է։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ «Սքայ նիւզ արապիա» կայքէն։

 Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, թէ կիրակի օր, Լիպիոյ «Մաաթիք» օդակայանէն, թրքական ռազմական օդանաւով մը սուրիացի 120 վարձկաններ հեռացած են:

Ըստ աղբիւրին, յառաջիկայ շաբթուայ մէջ, պիտի փոխադրուին աւելի քան 1000 վարձկաններ թրքական եւ լիպիական օդանաւերով:

Աղբիւրը նշած է, թէ կիրակի առաւօտեան, յատուկ ռազմական մարդատար փոդարամիջոցով օդակայան հասած են 120 զինեալ, եւ սպասած յատուկ սրահի մը մէջ հեռու սովորական ուղեւորներէն: Կը նշուի նաեւ, որ պիտի տարուին Սուրիոյ սահմանամերձ թրքական քաղաք մը, ուրկէ ալ պիտի տեղափոխուին Սուրիոյ հիւսիսային Աֆրին քաղաքը, որ կը գտնուի թրքական վերահսկողութեան տակ:

Իր հերթին Մարդու իրաւունքներու Սուրիական դիտարանը վստահեցուցած է, թէ «Սուլթան Մըրատ» խմբաւորումէն կարգ մը զինեալներ Լիպիայէն վերադարձած են սուրիական տարածք: Ըստ դիտարանին, այս տեղի ունեցած է, միջազգային եւ տարածաշրջային ուժերու ճնշման հետեւանքով:

Աւելի վաղ, կայքը յայտարարած էր, թէ պայմանաւորուածութիւն մը գոյացած է Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ, բոլոր սուրիացի վարձկանները լիպիական հողերէն դուրս հանելու կապակցութեամբ:

Յիշուած է նաեւ, որ դեկտեմբերի սկիզբին, Լիպիոյ մօտ ՄԱԿ-ի դեսպանի ժամանակաւոր պաշտօնակատար՝ Սթեֆընի Ուիլյըմզ բացայայտած էր, թէ Լիպիոյ մէջ կը գտնուին 20,000-է աւելի «օտար երկրացի եւ վարձկան ուժեր», եւ ասիկա համարած էր ազգային ինքնիշխանութեան «սարսափելի» խախտում: Ան նաեւ մատնանշած էր, Լիպիոյ մէջ 10 ռազմակայաններու առկայութիւնը, ուր տեղակայուած են այդ օտար երկրացի կամ վարձկան ուժերը:

Ի դէպ, անցեալ տարուայ դեկտեմբերին, Թուրքիան երկարաձգած էր իր ուժերուն եւ մասնագէտներուն եւ նոյնիսկ վարձկաններուն ներկայութիւնը Լիպիոյ մէջ 18 ամսով:

Ըստ ՄԱԿ-ի դիտորդներուն՝ Թուրքիա Լիպիա ուղարկած էր անօդաչու օդանաւներ, ռազմական մարզիչներ ու խորհրդատուներ, նաեւ սուրիացի վարձկաններ, «Ալուիֆաք» կառավարութեան հետ Թուրքիոյ պայմանգրի համաձայն: