image

Սուրիացի քաջ լրագրողուհին մահացած է ծանր հիւանդութեան հետեւանքով

 Սուրիացի քաջ լրագրողուհին մահացած է  ծանր  հիւանդութեան   հետեւանքով

 «Միշտ համբերատար եղած եմ ցաւոտ ճակատամարտերուն դիմաց եւ եմ տակաւին: Հիւանդութիւնս անձնական տառապանք համարելով չեմ ուզած անոր մասին խօսիլ, սակայն հիւանդութեան ճանապարհս երկարեցաւ, եւ չեմ գիտեր արդեօք պիտի հասնիմ բուժման հանգրուանին»: 

 

Օրերս Սուրիոյ  «ՍԱՆԱ» գործակալութեան աշխատակիցները , ինչպէս նաեւ Նահր Ալ-Պարէտ գիւղի բնակիչները յուղարկաւորած են սուրիացի ռազմական լրագրող՝ Շահիտա Աճիպը, Համայի մէջ գտնուող իր ծննդավայր՝ Նահր Ալ-Պարէտ գիւղին մէջ: 

 

 Կը նշուի նաեւ, որ Շահիտան բռնուած էր ծանր հիւանդութենէ, որուն դէմ ալ պայքարեցաւ մինչեւ վերջ։ 

Շահիտա իր հիւանդութեան շրջանին գրառում մը հրապարակած էր «Միշտ համբերատար եղած եմ ցաւոտ ճակատամարտերուն դիմաց եւ եմ տակաւին: Հիւանդութիւնս անձնական տառապանք համարելով չեմ ուզած անոր մասին խօսիլ, սակայն հիւանդութեան ճանապարհս երկարեցաւ, եւ չեմ գիտեր արդեօք պիտի հասնիմ բուժման հանգրուանին»: 

 

Շահիտա Աճիպ Սուրիական պատերազմի առաջին օրերէն իսկ, սկսած է աշխատիլ, որպէս պատերազմական թղթակից, ան գտնուած է զանազան ռազմաճակատներ ընկերանալով Սուրիոյ բանակին, վաւերագրելով բանակի գրանցած յաղթանակներն ու նուաճումները ու հրապարակելով զանոնք լուրերու եւ տեսանիւթերու միջոցով: Ան հայրենասէր էր, նուիրուած իր աշխատանքին ու սիրուած ընկերներուն կողմէ: Շահիտայի հիւանդութիւնը չէր արգիլած զինք աշխատելէ, որովհետեւ իր տոկուն կամքով ու եռանդով կը պայքարէր անոր դէմ: Ան շարունակած էր հայթայթել նիւթեր «ՍԱՆԱ»-ին. անոր վերջին հրապարակած նիւթը Օգոստոս 11-ին էր: 

 

Լրատուական ոլորտի աշխատակիցներէն շատեր սգացած են Շահիտայի մահը ու ցաւակցութիւն յայտնած անոր ընտանիքին ու հարազատներուն:  Շահիտա Աճիպի մասին կարճ գրառումով մը հանդէս եկած է հալէպահայ  ռազմական լրագրող՝ Ճօրճ Ուրֆալեան, որ մասնաւորապէս գրած է՝

 

 

 شهيدي يا شهيدي

يا اروع و اطيب و احلى اعلامية 

الله يرحمك يا أختي الحنونة

خسارة كبيرة لأسرتنا (وكالة سانا)

«Շահիտա, ո՜վ Շահիտա,

Բարեսիրտ, հրաշալի ու գեղեցիկ լրագրողուհի,

Աստուած հոգիդ լուսաւորէ իմ քնքուշ քոյր,

Մեծ կորուստ մեր ընտանիքին՝ ՍԱՆԱ-ին»,- գրած է Ուրֆալեան։ 

 

 

 

 

 

Աղբիւրը՝  «Արեւելք», «Սանա»