Արաբական լրասփիւռներէ «Արեւելք» կը կարդայ, Երէկ իր աւարտին հասաւ սուրիացի փոքրիկ՝ Ֆաուազ Քթէֆանի ոդիսականը եւ ան 3 ամիս առեւանգուած մնալէ ետք ազատ արձակուած ու վերադարձած է ծնողքին։
Նշենք, որ անցնող օրերիւն ընկերային հարթակներու ու լրատուական միջոցներու ուշադրութեան կեդրոնն էր առեւանգման ենթարկուած սուրիացի փոքրիկի՝ Ֆաուուազ Քթէֆանը։Պահանջուած փրկագինը պատրաստ էր, բայց առեւանգողները կապը կտրած էին անոր ծնողքին հետ:
Կը նշուէր, թէ Սուրիոյ հարաւային Տարաա նահանգի Ապթաա գիւղի բնակիչ՝ փոքրիկը Ֆաուուազը 3 ամիս առաջ Նոյեմբեր 2-ի առաւօտեան դպրոց գացած ճանապարհին առեւանգնուած էր 4 հոգիի կողմէ, որոնցմէ մէկը կին էր: Առեւանգողները կապ հաստատած էին ծնողներուն հետ փրկագին պահանջելով 700 միլիոն սուրիական թղթոսկի: Բնակցութիւններէ ետք անոնք համաձայնած էին ստանալ 500 միլիոն սուրիական թղթոսկի: Դժբախտաբար ծնողները չէին կրցած ապահովել գումարը նոյնիսկ ծախելէ ետք իրենց ունեցուածքի մեծ մասը։ Առեւանգողները մէկ շաբաթ առաջ տեսաերիզ ուղարկած են ծնողքին, ուր փոքրիկն Ֆաուուազ, մերկ վիճակով, կ'ենթարկուի բռնութեան ու ծեծի:
Այս տեսաերիզը հրահրած է արաբ աշխարհի ընկերային ցանցերը, եւ յատկապէս Ֆաուուազի աղերսը «Աստծոյ սիրոյն մի հարուածէք»: Հարթակները տարածած են #«Փրկեցէք փոքրիկն Ֆաուուզ» հաշթակը:
Իր հերթին սուրիացի յայտնի դերասան՝ Ապտ Ալ Հաքիմ Քթէֆան, որ փոքրիկի ընտանիքին հետ ինչ որ ազգականական կապ ալ ունի միջամտած եւ հրապարակած է տեսաերիզ իր դիմատետրեան էջով, ուր յայտարարած էր թէ գումարը հաւաքուած է գերդաստանին կողմէ, բայց առեւանգողները տակաւին կապ չեն հաստատած ծնողքին հետ:
Դերասանը նաեւ ըսած էր, թէ Սուրիոյ անվտանգութիւնը ջանք չի խնայեր հասնելու յանցագործներուն: Ան ըսած է «Հարցը ներկայիս երկու ելք ունի: Կամ յանցագործները ի վերջոյ կապ կը հաստատեն, կը ստանան փրկագինը ու կ'ազատենք փոքրիկը, կամ անվտանգութիւնը արագօրէն կը հասնի յանցագործներուն եւ կը ձերբակալէ զանոնք, ինչ որ ողջ աշխարհի սուրիացիներու եւ արաբներու փափաքն է»: Ան նաեւ շեշտած է, թէ այսպիսի յանցագործութիւնները պէտք է վերջ գտնեն եւ չկրկնուին սուրիացիներու կեանքին մէջ: