image

Սուրէն Պապիկեանը չի մասնակցիր ԱՊՀ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի նիստին

Սուրէն Պապիկեանը չի մասնակցիր ԱՊՀ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի նիստին

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը չէ մասնակցած Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի նիստին։ Նախարարը Թուլա չէ մեկնած:

Այս մասին «Հայկական ժամանակ»-ի հետ զրոցին տեղեկացուցած է ՀՀ ՊՆ խօսնակ Արամ Թորոսեանը։

Նկատենք, որ ՌԴ ՊՆ-ն տեղեկատւութիւն տարածած էր առ այն, որ այսօր Թուլայի մէջ ԱՊՀ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի նիստին պիտի մասնակցի նաեւ ՀՀ ՊՆ պատուիրակութիւնը։