Տօնական մթնոլորտի մը մէջ օրերս Զահլէ քաղաքին մէջ նշուած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Ելն ի Վիրապէն տօնը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Զահլէի իր աղբիւրէն։
Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ արք. Փանոսեանի բարձր հովանաւորութեամբ եղած արարողութիւնը տեղի ունեցած է Զահլէի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր օրուան Սուրբ Պատարագը եւ յաւուր պատշաճի քարոզը տուած է Գերպ. Տ. Անանիա ծ.վրդ. Գուճանեան, իսկ արարողութեանց ներկայ գտնուած է Զահլէի եւ Պեքաա շրջանի Յոյն Կաթողիկէ համայնքի մեծաւոր՝ Գերշ. Տ. Իպրահիմ եպս.ի յատուկ ներկայացուցիչ՝ Գերպ. Հ. Նիքոլա Հաքիմը։
Տօնական այս առթին իրենց ներկայութիւնը բերած են շրջանի պատասխանատու անդամներ, ինչպէս նաեւ Զահլէ հայկական համայնքի նուիրեալ անդամներէն՝ Նազարէթ Անտէքեանն ու Նօէլ Փամպուքեանը։
Զահլէի հայկական համայնքը հակառակ երկրին մէջ տիրող բարդ պայմաններուն կը շարունակէ իր երթը շնորհիւ նաեւ դարաւոր գիւղաքաղաքի նուիրեալ հայորդիներուն։