Տիթրոյիթի մէջ, նշուած է ՀՅԴ-ի 135-ամեակը, որու ընթացքին տեղի ունեցած է աւանդութիւն դարձած պարգեւատրումներու արարողութիւնը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճելըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն, որ, մասնաւորապէս, գրած է՝
1 Մարտին, Տիթրոյիթի մէջ, խուռներամ բազմութեան մը ներկայութեամբ նշուեցաւ ՀՅԴի 135ամեակը։ ՀՅԴ «Ազատամարտ» կոմիտէի անդամ Շանթ Ժամկոչեան ազդարարեց տօնակատարութեան մեկնարկը եւ բարի գալուստ մաղթեց հանդիսականներուն ու բեմ հրաւիրեց օրուան հանդիսավար՝ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի դաստիարակչական յանձնախումբի ատենապետ Վրէժ Տաուլէ, որ իր բացման խօսքով անդրադարձաւ ՀՅԴի կառոյցի առանձնայատկութիւններուն։
ՀՄԸՄի Տիթրոյիթի փողերախումբը եւ սկաուտները կատարեցին դրօշակի ներկայացումը եւ Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգներու երգեցողութիւնը։
ՀՅԴ «Ազատամարտ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Սեպուհ Համագործեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ներկայ աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւններուն պարզած մարտահրաւէրներուն, Հայաստանի ապազգային քաղաքական վերնախաւի չէզոքացման անհրաժեշտութեան, արցախցիին արժանապատիւ կեանք, ինչպէս նաեւ վերադարձի իրաւունք ապահովելու հրամայականին: «Մեր բազմահոծ ներկայութիւնը այստեղ, այսօր, կը փաստէ որ պայքարը շարունակելու մեր պատրաստակամութիւնը տակաւին վառ է եւ մեր ճամբան յստակ է դէպի ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան», ըսաւ Համագործեան։
ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ճորճի Օշական
Օրուան պատգամաբերն էր ՀՅԴ Արեւելեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ճորճի Օշական, որ վկայակոչելով ՀՅԴի մանիֆեստը՝ հանգամանօրէն լուսարձակի տակ առաւ տուեալ ժամանակաշրջանի ընկերային-տնտեսական- քաղաքական նախադրեալները, համեմատութեան եզրեր գտնելով ներկայ օրհասական եւ անկիւնադարձային իրավիճակին հետ. ան համախմբուելու կոչ ուղղեց բոլորին՝ մէջբերելով 135 տարիներու վաղեմութիւն ունեցող մանիֆեստի պատգամը. «Ուրեմն, եղբայրներ, միանանք յանուն սուրբ գործի ընդհանուր թշնամիին դէմ: Եւ դո՛ւք, երիտասարդներ, միշտ եւ ամէն տեղ վսեմ գաղափարներու պաշտպաններ, միացէ՛ք ժողովուրդին: Եւ դո՛ւք, ալեզարդ ծերունիներ, ոգեւորեցէ՛ք ձեր որդոց եւ օգնեցէ՛ք անոնց ձեր բազմամեայ փորձառութեամբ: Եւ դո՛ւք, հարուստներ, բացէք ձեր քսակները՝ զէնք հայթայթելու ժողովուրդին, որպէսզի պաշտպանէ թշնամիին պարզած իր կուրծքը։ Եւ դո՛ւն, հայ կին, ոգի ներշնչէ՛ սուրբ գործին մէջ: Եւ դո՛ւն, հայ հոգեւորական, օրհնէ՛ ազատութեան զինուորները…
Սպասելու ժամանակ չէ… Համախմբուի՛նք, հայեր, եւ քաջութեամբ յառաջ տանինք հայրենիքի ազատութեան սուրբ գործը»:
Այնուհետեւ կատարուեցաւ աւանդութիւն դարձած պարգեւատրումներու արարողութիւնը։
«Տիպար դաշնակցական»ի յետ մահու պարգեւը շնորհուեցաւ հանգուցեալ Օննիկ Պօղիկեանի ընտանիքին, առ ի գնահատանք ՀՅԴի շարքերուն երկարամեայ անմնացորդ ծառայութեան։
«Օրինակելի երիտասարդ առաջնորդ» մրցանակին արժանացաւ Ալեքս Քիւրքէչեան, որ ԵԴի երկարամեայ գործօն անդամ է եւ կը ծառայէ եկեղեցւոյ խորանին։
«Տարուան համակիր»ի մրցանակը շնորհուեցաւ Նայիրի Կարապետեանին , որ տարիներէ ի վեր անձնուիրաբար կը ղեկավարէ Համազգայինի Տիթրոյիթի «Արաքս» պարախումբի ելոյթները։
Կոմիտէութեան ընկերներու կողմէ «Մշակ բանուոր» քայլերգի կատարումէն ետք, կարկանդակը հատելու համար բեմ հրաւիրուեցաւ Թորոնթոյէն ժամանած Արցախեան Ա. պատերազմին մասնակցած ազատամարտիկ Ռաֆֆի Իզմիրլեան։
Ապա ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Արաքս» պարախումբը «Շատախի» եւ «Եարխուշտա» ռազմապարերով։
Երեկոյի գեղարուեստական յայտագրին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ տիթրոյիթահայ երգիչ Հրանդ Կիւլեան, որ ժողովրդական երգացանկով մը խանդավառեց ներկաները։
Ճաշի սպասարկումէն ետք բեմ բարձրացաւ Լոս Անճելըսէն ժամանած Գառնիկ Սարգիսեան՝ ընկերակցութեամբ իր նուագախումբին՝ կատարելով յեղափոխական երգեր:
(Քաղուած՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի թղթակիցին թղթակցութենէն)