Սումկայիթի ծանր յանցագործութիւններու դատարանը առեւանգուած երկու հայ զինծառայողները դատապարտած է 11 տարի 6 ամիս ազատազրկման, յայտնած է ատրպէյճանական ԱՊԱ գործակալութիւնը։
Յարութիւն Յովակիմեանին եւ Կարէն Ղազարեանին կեղծ մեղադրանք ներկայացուած էր «Ատրպէյճանի պետական սահմանն ապօրինի հատելու», «ահաբեկչութիւն ծրագրելու» համար։
Դատախազը պահանջած էր հայ զինծառայողները դատապարտել 12 տարուան ազատազրկման։
Յիշեցնենք, որ վերջնական մեղադրանքի համաձայն՝ ամբաստանեալները մայիս 26-ին ժամը 19:00-ի մօտերը «ՀՀ զինուած ուժերու ներթափանցող խումբի կազմին մէջ խումբ մը անձանց հետ նախնական պայմանաւորուածութեամբ՝ ապօրինի ձեռք բերուած հրազէնով եւ ռազմամթերքներով՝ ուժ գործադրելով պետական սահմանապահ ծառայութեան Զանգելանի սահմանապահ ջոկատի զինծառայողներու նկատմամբ, խախտած են Ատրպէյճանի պետական սահմանը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի տարածքին մէջ ահաբեկչութիւն իրականացնելու նպատակով՝ մաքսանենգ ճանապարհով հրազէն եւ զինամթերք ներմուծելով Զանգելանի շրջանի Ռազտարա գիւղ, կրակ բացած են տեղակայուած զօրամասի զինծառայողներու ուղղութեամբ»:
Հայ զինծառայողներու նկատմամբ քրէական գործը յարուցուած էր 26 մայիսին: Զինծառայողներ Յարութիւն Եուրիկի Յովակիմեանն ու Կարէն Աշոտի Ղազարեանը 26 մայիսին առեւանգուած են ՀՀ ինքիշխան տարածքէն։