Նոյեմբեր 17-ին պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը Պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրէն ներս ընդունած է պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանած Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Ճուանշեր Պուրչուլաձէն:
Պաշտպանական գերատեսչութենէն յայտնած են, որ հանդիպման ընթացքին Պապիկեանն ու Պուրչուլաձէն քննարկած են պաշտպանութեան ոլորտի մէջ հայ-վրացական համագործակցութեան եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր:
«Հանդիպման աւարտին պաշտպանութեան նախարարները ստորագրել են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան միջեւ երկկողմ համագործակցութեան պլանը»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։