image

Հայաստանի ԵԱՏՄ-ին եւ ԵՄ-ին միաժամանակեայ անդամակցութիւնն անհնար է. Լաւրով

Հայաստանի ԵԱՏՄ-ին եւ ԵՄ-ին  միաժամանակեայ անդամակցութիւնն անհնար է. Լաւրով

Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարը լրագրողներու հետ հանդիպման յայտարարած է, որ Եւրոմիութեան Հայաստանի հնարաւոր անդամակցութիւնն անհամատեղելի է Եւրասիական տնտեսական միութեան անոր միաժամանակեայ մասնակցութեան հետ։ Միեւնոյն ժամանակ, Սերկէյ Լաւրովն ընդունած է, որ համապատասխան ընտրութիւնը պէտք է կատարեն հայ ժողովուրդը եւ իշխանութիւնը: 

«Այդ տեխնիկապէս անհնար է եւ անհամատեղելի ոչ միայն առեւտուրի եւ ներդրումներու տարբեր կարգաւորումներու պատճառով, այլեւ քանի որ Պրիւքսելը կ՚ուզէ վերափոխել Հայաստանի իրաւական շրջանակը՝ համապատասխանեցնելով այն իր չափանիշերուն»,-ըսած է ան։

Լաւրովի ձեւակերպմամբ՝ այդ չափանիշերը կ՚ենթադրեն համապատասխանութիւն ԵՄ արտաքին քաղաքականութեան՝ այդ շարքին՝ հակառուսական պատժամիջոցները։

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարն անդրադարձած է նաեւ Կրինլանտը Միացեալ Նահանգներու մաս դարձնելու՝ Տանըլտ Թրամփի մտադրութեան: Անոր խօսքով՝ ՆԱԹՕ-ի մէջ Կրինլանտի եւ այլ հարցերու շուրջ տարաձայնութիւնները կը սպառնան Հիւսիսաթլանթեան դաշինքի գոյութեան:

Մեկնաբանելով Թրամփի յայտարարութիւնները, որ եթէ ԱՄՆ-ը չստանայ Կրինլանտը, ապա այդ կ՚ընեն Ռուսիան կամ Չինաստանը՝ Լաւրովը շեշտած է՝ կղզին գրաւելու որեւէ ծրագիր չունին: Նաեւ ռուս դիւանագէտը համեմատած է Կրինլանտը եւ Խրիմը: 

«Խրիմը Ռուսիոյ անվտանգութեան համար ոչ պակաս կարեւոր է, քան Կրինլանտը՝ Միացեալ Նահանգներու համար»,- աւելցուցած է նախարարը։