image

Ստեփանակերտը սնուցող ջրառներուն մէջ առաջացած է ջուրի սակաւութիւն

Ստեփանակերտը սնուցող ջրառներուն մէջ առաջացած է ջուրի սակաւութիւն

Լեռնային Ղարաբաղի «Ջրմուղ-կոյուղի» ՓԲԸ-ի տնօրինութիւնը Ստեփանակերտ քաղաքի բնակչութեան կը տեղեկացնէ, որ չոր ու տօթ եղանակի հետեւանքով քաղաքը սնուցող ջրառներուն մէջ առաջացած է ջուրի սակաւութիւն:

Ընկերութիւնը ստիպուած ջրամատակարարումը կ'իրականացնէ արտիզան-փոմփերով: Հոսանքի հովհարային անջատումներու եւ վառելիքի բացակայութեան պատճառով արտիզան-փոմփերը կ'աշխատին կիսով չափ, հովհարային ռեժիմով:

Ընկերութիւնը կը խնդրէ բնակչութենէն ջրանջատումներէն խուսափելու համար հնարաւորինս խնայողաբար օգտագործել ջուրը եւ գիտակցաբար մօտենալ ջուրի երբեմն անջատումներուն:

Ընկերութիւնը կը հայցէ ջրօգտագործողներու ներողամտութիւնը: