image

Ստեփանակերտի քաղաքապետարանը դիմած է օդակայանի մօտ հաւաքուած բնակչութեան

Ստեփանակերտի քաղաքապետարանը դիմած է օդակայանի մօտ հաւաքուած բնակչութեան

Ստեփանակերտի քաղաքապետարանը եւս մէկ անգամ յորդորով դիմած է բնակչութեան՝ չտրուելու խուճապային տրամադրութիւններու եւ տարհանուելու նպատակով սեփական նախաձեռնութեամբ չճանապարհուիլ դէպի օդակայան:

«Կոչ ենք անում մնալ ապաստարաններում»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Նշենք, որ Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ հաւաքուած արցախցիները կը պահանջեն իրենց ուղղաթիռներով տարհանել եւ աւելի լաւ պաշտպանութիւն ապահովել։ Այս մասին X-ի իր էջին գրած է Արցախի նախկին պետնախարար Արտակ Բեգլարեանը։

«Հազարաւոր արցախցիներ, Ստեփանակերտին՝ ադրբեջանական ուժերի մօտանալու մէկտես եւ յատկապէս հրադադարի մասին յայտարարութիւնից յետոյ, հաւաքուել էին ռուս խաղաղապահների շտաբի մօտ։

Անոնք կը պահանջեն տարհանում ուղղաթիռներով եւ կ'ակնկալեն աւելի լաւ պաշտպանութիւն», - գրած է ան։