image

Ստեփանակերտի մէջ կը շարունակեն քանդել հասարակական նշանակnւթեան կառոյցները գլխ

Ստեփանակերտի մէջ կը  շարունակեն քանդել հասարակական նշանակnւթեան  կառոյցները  գլխ

Ատրպէճանական վարչակազմը Ստեփանակերտի մէջ քանդած է դարձեալ 2,5 հեկտար բնակելի շէնքեր՝ քաղաքի նախապէս քանդուած պատմական 6 թաղամասերու հարեւանութեամբ։ Այսպէս, հոկտեմբեր-նոյեմբեր ամիսներուն Արցախի Հանրապետութեան  մայրաքաղաքի կեդրոնին մէջ քանդուած է շուրջ 8,5 հեկտար բնակելի տարածք։

Այս մասին յայտնած է  Արցախի բռնագրաւուած տարածքներու մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան պետական խորհուրդի քարտուղար Սերգէյ Շահվերդեան։

Ան յիշեցուցած է, որ նախապէս գետնին  հաւասարուած էին համալսարանին յարակից 3,5 հեկտար եւ «Եւրոպա» հիւրանոցին յարակից բնակելի 0,5 հեկտար շէնքերը։

Հասարակական շինութիւնները քանդելու առաջին դէպքերը գրանցուած են գարնան, այնուհետեւ Ատրպէյճանի վարչակազմը քանդած է ԱՀ խորհրդարանի շէնքը, Վեթերաններու միութեան շէնքը եւ Վերածնունդի հրապարակը գտնուող Արմենիա հիւրանոցը։