Ստեփանակերտի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ 6 մարտին, տեղի ունեցած է ատրպէյճանական ներթափանցումէն զոհուած ոստիկաններու հոգեհանգիստը:
Յիշեցնենք, որ 5 մարտին Ատրպէյճանի ներթափանցման ժամանակ զոհուած էին ոստիկաններ՝ Արմէն Բաբայեան, Դաւիթ Դանիէլեան եւ Արարատ Գասպարեան: Արմէն Բաբայեանի եւ Դաւիթ Դանիէլեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի կ'ունենայ՝ 7 մարտի Ստեփանակերտի եղբայրական յուշահամալիր-պանթէոնին մէջ, Արարատ Գասպարեանի յուղարկաւորութիւնը՝ Ասկերանի շրջանի Նորագիւղ համայնքը:
Աւելի վաղ յայտնած էինք, որ 5 Մարտի առաւօտեան ժամը 10։00-ի սահմաններուն ատրպէյճանական զինուժի ներթափանցման խումբը «Խայփալու» կոչուող տեղանքին մէջ թիրախաւորած եւ կրակ բացած է ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան անձնակազմի հերթափոխի մեքենայի վրայ, որու հետեւանքով զոհուած է ոստիկանութեան 3 ծառայող՝ Փոխգնդապետ՝ Արմէն Մայորի Բաբայեան, Մայոր՝