Ստեփանակերտը կոչ կ'ընէ միջազգային բոլոր դերակատարներուն դիմելու գործնական քայլերու։
Մարաղայի կոտորածի 31-րդ տարելիցի կապակցութեամբ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ «Ադրբեջանի իշխանութիւնների ոճրագործութիւնները դադարեցնելու եւ դրանց լուռ ականատեսը կամ նոյնիսկ յանցակիցը չդառնալու համար» միջազգային հանրութիւնը պէտք է գործնական ու արդիւնաւէտ գործողութիւններով Ատրպէյճանը բերէ իրաւական եւ կառուցողական դաշտ՝ հարկադրելով վերջինիս բռնատիրական ղեկավարութեան յարգել միջազգային իրաւունքն ու իրենց ստանձնած պարտաւորութիւնները:
«Մարաղայի կոտորածը Սումգայիթի, Բաքուի, Կիրովաբադի եւ Ադրբեջանական Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութեան (ԽՍՀ) այլ բնակավայրերի, ինչպէս նաեւ Հիւսիսային Արցախի հայ բնակչութեան դէմ իրականացուած ջարդերի ու տեղահանութիւնների շարունակութիւնն էր, որի նպատակն էր սաղմի մէջ խեղդել արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի իրացման օրինական պահանջը, ինչպէս նաեւ էթնիկ զտման եւ բռնի տեղահանութեան միջոցով արցախահայութեանը զրկել հայրենիքից», յիշեցուցած է Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
«Չնայած այն հանգամանքին, որ Մարաղայում կատարուած վայրագութիւնները մանրամասնօրէն փաստագրուել են միջազգային հանրութեան, այդ թուում՝ Human Rights Watch եւ Amnesty International իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնների կողմից, համապատասխան միջազգային կառոյցների կողմից այս յանցագործութեան պատշաճ քաղաքական գնահատականի բացակայութիւնը եւ անպատժելիութիւնը պարարտ հող նախապատրաստեցին Ադրբեջանի հետագայ ագրեսիայի, նրա ղեկավարութեան վարած հայատեաց եւ ցեղասպան քաղաքականութեան շարունակման եւ ամրապնդման համար», -յայտարարած է գերատեսչութիւնը:
Այսօր ալ, անտեսելով Արցախի շրջափակումն անյապաղ դադրեցնելու վերաբերեալ ՄԱԿ-ի միջազգային դատարանի որոշումը, շեշտած է Արտաքին գործոց նախարարութիւնը, Ատրպէյճանը կը շարունակէ քաղաքակիրթ մարդկութեան աչքի առջեւ իրականացնել իր «յանցաւոր եւ ցեղասպան քաղաքականութիւնը»՝ 120 օր շարունակ Արցախի բնակչութիւնը պահելով ապօրինի շրջափակման մէջ, զրկելով տարրական կենսապայմաններէն, ստեղծելով մարդասիրական ճգնաժամ, ինչպէս նաեւ ահաբեկչական գործողութիւններով հետամուտ ըլլալով Արցախի հայաթափման իր յանցաւոր ծրագրի իրականացման: