Հայաստանը դէպի փայլուն ապագայ առաջնորդողը ո՛չ դրամը եւ ո՛չ ալ մարտական ուժը պիտի ըլլայ։ Մեծագոյն յաղթանակը լաւ ապագայ սերունդ մը պատրաստելէն սկիզբ կ՚առնէ եւ մենք դժբախտաբար այդ ամենէն կարեւոր երեւոյթը անտեսած ենք եւ մինչեւ օրս կը շարունակենք անտեսել։ Թող հայկական դպրոցներու տնօրէնութեան պաշտօնը ստանձնեն ո՛չ թէ անոնք, որոնք բարձր պաշտօններու վրայ խնամի-բարեկամ մը ունին, այլ անոնք՝ որոնք իրապէս հոգիով ու սրտով ունին նուիրում եւ կոչում:
Դարեր առաջ Քրիստոս սեղանները շրջելով կը մաքրագործէր եկեղեցին… նոյն յանդգնութեամբ պէտք է մաքրագործել մեր դպրոցներն ու գաղութները, որպէսզի «մարդուժ»ը կարենայ իր ուժը ի գործ դնել՝ կեանքի կոչելու համար այն բոլոր սրբազան արժէքները, որոնց կոչումը ունի:
Տակաւին սփիւռքի մէջ երբ կը շարունակուի հնչել «մարդուժի պատրաստութեան» արձագանգները, Երեւանի մէջ հանդիպեցայ երիտասարդի մը, որ (դժբախտաբար թէ բարեբախտաբար չե՛մ գիտեր) մարդուժ մըն է. գիտակից ու հայրենասէր երիտասարդ մը, որ Հայագիտական բաժինը աւարտելէ ետք մի քանի տարի զբաղած է ուսուցչութեամբ, սակայն կեանքի պայմանները զինք հասցուցած են հայրենիք:
Դժբախտութիւն էր գտնել, որ նման հայրենասէր «մարդուժ» մը, որ հայերէնի, մա՛նաւանդ՝ արեւմտահայերէնի համար կեանք կու տար իր ուսումով ու կարողութիւններով, հայ լեզուին նուիրուելու փոխարէն կը զբաղի հաշուապահութեամբ եւ նման երիտասարդ մը տեսնելով դարձեալ հարցականի տակ կը դնեմ «մարդուժ պատրաստելու» անհրաժեշտութիւնը շեշտողներու տրամաբանութիւնը: Այդ ի՞նչ մարդուժի մասին է խօսքը, երբ հայագիտականի ամենէն բարձր կրթութիւնը ստացող հայ երիտասարդ մը իր կամքէն անկախ հաշուապահութիւն կ՚ընէ:
Հայ երիտասարդը ներկայ աշխատանքին համար կ՚ըսէր՝ «սրտովս չէ…»։ Կը զգայի, որ այդ խօսքին տակ քօղարկուած էր ամօթի զգացում մը, սակայն այդ ամօթը ո՛չ թէ երիտասարդին կը պատկանի, այլ անոնց, որոնք նման հազար ու մէկ մարդուժ անտեսելով «մարդուժի պակաս»ը կը բարձրաձայնեն: Աւելի քան երբեք վստահ եմ, որ այդ երիտասարդը պիտի ուզէր ունենալ իր դասարանը, իր աշակերտները։ Այսօր սփիւռքի մէջ մեծապէս պակասը ունինք նման երիտասարդի մը, սակայն զինք արժեւորելու, գնահատելու եւ իրապէս անոր գիտութենէն օգտուելու փոխարէն, կոյրի մը պէս նոր մարդուժեր կը փնտռենք:
Երկիրներու եւ մշակոյթներու համար ազգի մը ամենէն կարեւոր ուժը իր գրողներն ու ուսուցիչները կը կազմեն, որովհետեւ անոնք կը գիտակցին, թէ գրականութիւնը կը կրթէ ժողովուրդը եւ քաղաքակրթութիւնը կը մշակէ, իսկ ուսուցիչները ապագայ առողջ սերունդ մը կը պատրաստեն՝ մշակուած քաղաքակրթութեան լոյսին տակ։ Մեր ազգին մէջ պատկերը հակառակն է. ո՛չ գրողը եւ ո՛չ ուսուցիչը արժէք ունի։ Մենք այսօր լուրջ պակասը ունինք թէ՛ գրողներու եւ թէ ուսուցչութեամբ զբաղիլ ուզողներու. աւելի քան դար մը առաջ Գրիգոր Զօհրապ «Աւելէն ետքը» գրութեան մէջ հետեւեալ հարցը կու տար. «Կը կարծե՞ն արդեօք, որ ուսուցչութիւնը աւելի՞ պզտիկ մասնագիտութիւն մըն է՝ քան թէ բժշկութիւն կամ երկրաչափութիւնը»: Հայ զինուոր եւ բանակ պահելու չափ կարեւոր է հայ ուսուցիչը, որովհետեւ անոնց շունչով ծնունդ պիտի առնեն ապագայ զինուորները, ղեկավարներն ու գործիչները:
Ուսուցիչի կարեւորութիւնը աւելիով հասկնալու համար ըսենք հետեւեալը. մի քանի ամիս առաջ հեռատեսիլի ալիքներէն մէկը հարցազրոյց մը կազմակերպած էր անձերու հետ, որոնք օտար ըլլալով հանդերձ որոշած են Հայաստանի մէջ ապրիլ, սորվիլ հայերէն լեզուն եւ իրենց կեանքը հիմնել երկրէն ներս։ Հարցազրոյցի մասկնակից հնդիկ մը յայտնեց, թէ հայերէն սորվիլ որոշած է տիկ. Արմենուհի անունով պատմութեան ուսուցիչի մը շնորհիւ, որ իր բառերով անբացատրելի սիրով մը կը խօսէր հայերէնի, հայոց պատմութեան եւ հայ ժողովուրդի մասին: Ուսուցիչը կրնայ մեծ ազդեցութիւն ունենալ աշակերտին ապագային վրայ, այդ իսկ պատճառով պէտք է լուրջ ձեւով հարցականի տակ դնել ուսուցչութիւնը, որ շատերու համար ասպարէզ, իսկ շատերու համար ալ նուիրում, կոչում ու ծառայութիւն է։ Յակոբ Օշական «Անգղի կտուցին տակ» աշխատութեան Բ. մասի առաջին յօդուածին մէջ կը գրէ. «Այսօր ալ ուսուցչութիւնը ասպարէզ մըն է, որ տրամադրելի է կարդալ-գրել գիտցող ամէն մարդու»: Այսօր նոյնն է պարագան սփիւռքին, մանաւանդ այն գաղութներուն մէջ, ուր հայկական վարժարաններ չըլլալով հանդերձ շաբաթական միօրեայ դասերով «հայութիւն» պահել կը փորձեն:
Մերօրեայ գաղութներու ներկայ պատասխանատուները կը վախնան գիտակից ու մեծ կարողութիւններով օժտուած ուսուցիչներ ունենալէ, որովհետեւ այդ մէկը իրենց աթոռներուն դէմ որպէս վտանգ կը տեսնեն։ Այսօր անոնց պէտք է ուսուցիչ մը, որ գիտէ հայոց այբուբենը, քանի մը հայկական լեռներու անուններ, Գրիգոր Լուսաւորիչը, Վարդան Մամիկոնեանը, «Կոտորածն անգութ, հայերը թող լան…» եւ վերջ:
Նոր մարդուժ պատրաստելու փոխարէն մաքրենք մեր աղտոտութիւնները եւ լաւ պայմաններ ստեղծենք թէ՛ ներկայ եւ թէ ապագայ մարդուժերու համար։ Մերօրեայ գաղութներու ղեկավարները նոյնն են՝ ինչ որ էին հայ աղաները անցեալին: Կուսակցական ու սեփական շահերը մէկդի ձգելով մարդոց գոյներէն աւելի՝ պէտք է կեդրոնանալ անոնց կարողութիւններուն վրայ:
Այսօր հաշուապահութեան կողքին ունինք մարդուժեր, որոնք կը զբաղին գրեթէ ամէ՛ն ինչով՝ բացի իրենց կոչումէն եւ այդ ամօթը իրենցը չէ:
Հայաստանը դէպի փայլուն ապագայ առաջնորդողը ո՛չ դրամը եւ ո՛չ ալ մարտական ուժը պիտի ըլլայ։ Մեծագոյն յաղթանակը լաւ ապագայ սերունդ մը պատրաստելէն սկիզբ կ՚առնէ եւ մենք դժբախտաբար այդ ամենէն կարեւոր երեւոյթը անտեսած ենք եւ մինչեւ օրս կը շարունակենք անտեսել։ Թող հայկական դպրոցներու տնօրէնութեան պաշտօնը ստանձնեն ո՛չ թէ անոնք, որոնք բարձր պաշտօններու վրայ խնամի-բարեկամ մը ունին, այլ անոնք՝ որոնք իրապէս հոգիով ու սրտով ունին նուիրում եւ կոչում:
Դարեր առաջ Քրիստոս սեղանները շրջելով կը մաքրագործէր եկեղեցին… նոյն յանդգնութեամբ պէտք է մաքրագործել մեր դպրոցներն ու գաղութները, որպէսզի «մարդուժ»ը կարենայ իր ուժը ի գործ դնել՝ կեանքի կոչելու համար այն բոլոր սրբազան արժէքները, որոնց կոչումը ունի:
Մարդուժով մտահոգուածներ… գտէ՛ք երիտասարդը եւ արժեւորեցէք անոր կարողութիւնները, որովհետեւ իր ներկայ կեանքը երիտասարդին բառերով «սրտովը չէ…». եթէ մտահոգուած էք հայութեամբ, ստեղծեցէք պայմաններ եւ տուէք առիթ, որպէսզի իր կեանքը իր սրտովը ըլլայ:
Հրայր Տաղլեան
Նիւթը՝ «Ժամանակ»էն / Պոլիս