image

Սրի Լանքայի վարչապետը ինքնաթիռով դէպի Մալտիւ խոյս տուած է

Սրի Լանքայի վարչապետը ինքնաթիռով դէպի Մալտիւ խոյս տուած է

Սրի Լանքայի նախագահ Կոթապայա Ռաճապաքսան հրաժարական տալէ առաջ փախած է Մալտիւներ, կը յայտնէ «Կարտիան»ը։ Ան երկրէն հեռացած է ռազմական օդանաւով՝ կնոջ եւ երկու թիկնապահներու հետ։

Տեղեկացնենք, որ աւելի վաղ Ռաճապաքսան  փորձած է փախիլ ԱՄԷ, բայց օդակայանի աշխատակիցները թոյլ չէին տուած անոր օդանաւ նստիլ։

Կոթապայա Ռաճապաքսան հրաժարական կու տայ երկրին մէջ ստեղծուած ընկերային-տնտեսական աղէտալի վիճակի եւ ամիսներէ ի վեր շարունակուող ցոյցերու պատճառով։