Սրի Լանքայի նախագահ Կոթապայա Ռաճապաքսան հրաժարական տալէ առաջ փախած է Մալտիւներ, կը յայտնէ «Կարտիան»ը։ Ան երկրէն հեռացած է ռազմական օդանաւով՝ կնոջ եւ երկու թիկնապահներու հետ։
Տեղեկացնենք, որ աւելի վաղ Ռաճապաքսան փորձած է փախիլ ԱՄԷ, բայց օդակայանի աշխատակիցները թոյլ չէին տուած անոր օդանաւ նստիլ։
Կոթապայա Ռաճապաքսան հրաժարական կու տայ երկրին մէջ ստեղծուած ընկերային-տնտեսական աղէտալի վիճակի եւ ամիսներէ ի վեր շարունակուող ցոյցերու պատճառով։